«ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1915…»

2015 թուա­կա­նի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով ե­րէկ կա­րե­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ։ Այս­պէս, Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս կա­տա­րուե­ցաւ 100-րդ տա­րե­լի­ցին ձօ­նուած մեծ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը։ Քա­ղա­քա­պետ Անն Ի­տալ­կո­յի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր եւ Փա­րի­զի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վի­գէն Չի­տէ­ճեան։

«Փա­րիզ կը հիւ­րըն­կա­լէ Ե­րե­ւա­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լի­րը» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման զու­գա­հեռ՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ «Փո­լի­թիք Էն­թեր­նա­սիո­նալ» հան­դէ­սի հայ­կա­կան հար­ցին նուի­րուած բա­ցա­ռիկ հա­մա­րին շնոր­հան­դէ­սը։ Այս բո­լո­րը հա­մընկ­նե­ցան Հա­յոց Ե­ղեռ­նի տա­րե­լի­ցին առ­թիւ Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան։

Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պետ Անն Ի­տալ­կո­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շուրջ եր­կու հա­զար հրա­ւի­րեալ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան ըն­դու­նե­լու­թեան։ Ներ­կա­նե­րու կար­գին էին զա­նա­զան կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Փա­րի­զի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած օ­տա­րերկրեայ բազ­մա­թիւ դես­պան­ներ, ե­րես­փո­խան­ներ, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ։ Բաց­ման ըն­թաց­քին Անն Ի­տալ­կօ եւ Եդուարդ Նալ­պան­տեան ցու­ցա­հան­դէ­սը շրջե­ցան ու­ղեկ­ցու­թեամբ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րան-կա­ճա­ռի տնօ­րէն Հայկ Տե­մո­յեա­նի եւ ծրագ­րի յանձ­նա­կա­տա­րին՝ ֆրան­սա­հայ պատ­մա­բան Ռայ­մոն Գէոր­գեա­նի։ Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի սրահ­նե­րէն ներս զե­տե­ղուած նմոյշ­նե­րը բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան։ Մին­չեւ Յու­լի­սի 4-ը բաց պի­տի մնայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րան-կա­ճա­ռի, Փա­րի­զի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու Հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ Փա­րի­զի մէջ հա­զա­րա­ւոր գո­վազ­դա­յին վա­հա­նակ­նե­րու վրայ ներ­կա­յա­ցուած են այս ցու­ցա­հան­դէ­սի ազ­դագ­րե­րը։

Ձեռ­նար­կի բաց­ման ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­պետ Ի­տալ­կօ, որ յայտ­նեց, թէ ի­րենց հա­մար մեծ պա­տիւ մըն է նման ձեռ­նարկ մը հիւ­րըն­կա­լե­լը։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծեց, թէ Փա­րի­զի ար­դէն ա­ւե­լի քան վաթ­սուն դպրոց­ներ ցու­ցա­կագ­րուած են՝ որ­պէս­զի ի­րենց ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լեն այս ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Ի­տալ­կո­յէն վերջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ նաեւ Նալ­պան­տեան, որ ը­սաւ. «Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կող­քին կանգ­նած եր­կիր­նե­րու կար­գին Ֆրան­սա մշտա­պէս ե­ղած է ա­ռա­ջին շար­քե­րու վրայ՝ վե­րա­հաս­տա­տե­լով մար­դու ի­րա­ւանց հա­մընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցին մէջ իր մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը»։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րին Անն Ի­տալ­կօ պի­տի այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան՝ Նալ­պան­տեան ը­սաւ, թէ ան մշտա­պէս սպա­սուած հիւր մըն է Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Հարկ է նշել, որ ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր Նալ­պան­տեան եւ Ի­տալ­կօ ե­րէկ ա­ռանձ­նազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցան Փա­րի­զի մէջ։ Այս առ­թիւ Ի­տալ­կօ Նալ­պան­տեա­նին յանձ­նեց Փա­րի­զի «Մեծ մե­տայ­լը»։ Ի­տալ­կօ պար­գե­ւատ­րեց նաեւ դես­պան Վի­գէն Չի­տէ­ճեա­նը, ինչ­պէս նաեւ ֆրան­սա­հայ գոր­ծիչ­ներ՝ Մու­րատ Փա­փա­զեանն ու Ա­րա Թո­րա­նեա­նը։

«Հա­յաս­տան 1915» այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, կ՚ա­ռանձ­նա­նայ նաեւ դաս­տիա­րակ­չա­կան հե­ռան­կար­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կը ցո­լաց­նէ Մեծ Եղեռնի լու­սա­բա­նու­մը՝ հա­մաշ­խար­հա­յին մամ­լոյ ա­ռա­ջին է­ջէ­րուն վրայ ար­ձա­գանգ գտած դէպ­քե­րով։

Հարկ է նշել, որ Փա­րիզ մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ Պել­ժիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տի­տիէ Ռէյն­տէր­սի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձած էր 100-րդ տա­րե­լի­ցին եւ ար­ձա­գան­գած Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն։ Նալ­պան­տեան ը­սած էր, թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը կը խօ­սի լե­զուով մը, որ հասկ­նա­լի չէ Ան­գա­րա­յի հա­մար։ «Բայց ե­թէ ամ­բողջ աշ­խարհ կը խօ­սի քե­զի հա­մար ան­հասկ­նա­լի լե­զուով մը, ու­րեմն պէտք է անդ­րա­դառ­նաս, որ գու­ցէ սխա­լը քու իսկ մէջ ըլ­լայ», ը­սած էր ան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015