«SALT GALATA»Ի ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
SALT Galata-ի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շահեկան ձեռնարկի մը բացման հաւաքոյթը։ «Անոնք» խորագրեալ այս ձեռնարկը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Թուրքիոյ մէջ «միւս»ներու դասուած խմբաւորումներն ու անոնց վանումին վերաբերեալ երեւոյթները։ Իփէք Տուպէնի հեղինակութեամբ պատրաստուած կարճ տեսահոլովակներու ցուցադրութեան շարք մըն է այս մէկը, որ կը ցոլացնէ զանազան ազգերը, լեզուները, դաւանանքներն ու սեռային նախընտրութիւնները։ Քսանչորս հոգիի վկայութիւններուն հիման վրայ կեանքի կոչուած է նախագիծը, որու շրջագծով անդրադարձ կը կատարուի նաեւ հայերուն։ Հոլովակներու արտադրութիւնը եւ համաժամանակեցումը իրականացուած է Քենան Սունարի կողմէ։ Իր օժանդակութիւնը բերած է նաեւ Նեճմի Կիւրպիւզ։
Երէկ առաւօտեան ժամերուն այս ձեռնարկին բացումը իրականացուեցաւ Իփէք Տուպէնի մասնակցութեամբ կազմակերպուած ասուլիսով մը, զոր վարեց SALT Galata-ի հետազօտութիւններու եւ ծրագրերու տնօրէն Վասըֆ Քորթուն։ Այս առթիւ հեղինակը մանրամասնօրէն ներկայացուց իր ծրագիրը։ Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի երկու ամիս՝ մինչեւ Յունիսի 28-ը։