ՍԱՐԳԻՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԱՒԱԳ ՄԱՐԶԻՉ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչի պաշտօնը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Սարգիս Յովսէփեանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս այդ պաշտօնէն հրաժարած էր զուիցերացի Պեռնար Շալանտ, որու մականին ներքեւ հայկական հաւաքականը ապրեցաւ լուրջ ձախողումներ։ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի տնօրինութեամբ երէկ ֆութպոլի հայկական ընտրանիին ղեկը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Սարգիս Յովսէփեանին, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի փորձէ նախեւառաջ կայունացնել հաւաքականին ընթացքը։
Սարգիս Յովսէփեան հայկական ֆութպոլի արդի կարեւորագոյն դէմքերէն մին է։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը ան հայկական հաւաքականին խմբապետն էր՝ 132 անգամ կրած ըլլալով անոր մարզաշապիկը։ Ներկայիս կենդանի առասպելներու շարքին կը դասուի Սարգիս Յովսէփեան, որ 2013 թուականէն ի վեր կը մարզէ «Փիւնիկ» խումբը, որ բազմիցս նուաճած է Հայաստանի ախոյենութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ անցեալ տարիէն ի վեր Սարգիս Յովսէփեան կը մարզէ Հայաստանի մինչեւ 19 եւ մինչեւ 21 տարեկաններու ազգային հաւաքականները։