«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԿԸ ԽԱՂԱՅ»

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­յաս­տան կը խա­ղայ կրա­կի հետ։ Էր­տո­ղան դէ­պի Խրուա­թիա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին զրու­ցեց այն լրագ­րող­նե­րուն հետ, ո­րոնք հե­տե­ւե­ցան իր ու­ղե­ւո­րու­թեան։ Այս առ­թիւ ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին։ Ըստ ի­րեն, ծա­նօթ է, որ Թուր­քիա բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ, իսկ Հա­յաս­տան կը խա­ղայ կրա­կի հետ։ Թուր­քիոյ մէջ շուրջ 100 հա­զար հայ կ՚ապ­րի։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս կէ­սը քա­ղա­քա­ցի չէ։ Կե­ցու­թեան թոյլ­տուու­թիւն չու­նե­ցող­նե­րու պա­րա­գա­յին հան­դուր­ժո­ղու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րուի։ «Մեր երկ­րի բնա­կիչ հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն տա­րի­նե­րով զլա­ցուած վա­քըֆ­նե­րու ապ­րանք­նե­րը վե­րա­դար­ձու­ցինք։ Ապ­րի­լի 24-ին իմ ան­ցեալ տա­րուան ցա­ւակ­ցա­կան պատ­գա­մին նման պատ­գամ մըն ալ հրա­պա­րա­կե­ցի։ Մենք ցոյց կու տանք մեր բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւ­նը, սա­կայն Հա­յաս­տան չի հասկ­նար այս բո­լո­րը։ Սարգ­սեան կրա­կի հետ կը խա­ղայ», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Նա­խա­գա­հը իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ընդգ­ծեց, որ առ­կայ բա­խում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ կը զօ­րա­նան Ատր­պէյ­ճանն ու Ա­լիե­ւը։ Ռու­սաս­տանն ալ լիար­ժէք օ­ժան­դա­կու­թիւն չի ցու­ցա­բե­րեր Հա­յաս­տա­նին, ո­րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ շա­հեր ու­նի։ Ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ վե­րա­ձեռք­բե­րուած շրջան­նե­րը որ­քան որ ալ ան­կա­րե­ւոր հա­մա­րեն, Հա­յաս­տան սկսած է վախ ապ­րիլ։ Բնակ­չու­թեան, զի­նուոր­նե­րու քա­նա­կի եւ մնա­ցեալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռու­մով Ատր­պէյ­ճա­նի հզօ­րու­թիւ­նը ան­հա­մե­մա­տե­լիօ­րէն բարձր է Հա­յաս­տա­նէն։ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ցու­թիւ­նը չի նմա­նիր իր շրջա­կայ եր­կիր­նե­րուն, Վրաս­տա­նին կամ Ուք­րայ­նոյ։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Ռու­սաս­տան նոյ­նիսկ Ուք­րայ­նոյ մէջ չկրցաւ հաս­նիլ բաղ­ձա­լի ար­դիւն­քի։ Միայն Խրիմ մտնե­լով ար­դիւն­քի մը կրցաւ հաս­նիլ, ո­րով­հե­տեւ այն­տեղ թա­թար­նե­րուն թի­ւը քիչ է։ «Ռու­սաս­տան սխալ կը գոր­ծէ այս նիւ­թին շուրջ», ը­սաւ Էր­տո­ղան։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016