ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՉԿԱՅ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կ՚ըն­թա­նայ մտա­հո­գիչ հե­ռան­կար­նե­րու հու­նին մէջ։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը ե­րէկ շա­րու­նա­կե­ցին խախ­տել հրա­դա­դա­րը՝ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նի եւ թէ՛ Ար­ցա­խի հետ շփման գծի եր­կայն­քով։ Առ­կայ բա­խում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան հար­ցազ­րոյց մը տուաւ Ար­ցա­խի լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն։ Ան Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ ան­ցեա­լին վե­րա­դարձ պի­տի չըլ­լայ, նե­րա­ռեալ՝ հո­ղե­րու պա­րա­գա­յին։ Սա­հա­կեան ընդգ­ծեց, որ ա­ռանց Ար­ցա­խի մաս­նակ­ցու­թեան ան­կա­րե­լի է հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծու­մը։ «Ու­նե­նա­լով հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ յստակ մօ­տե­ցում՝ մենք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րած ենք ու կը յայ­տա­րա­րենք, որ մե­զի հա­մար ա­ւե­լի նա­խընտ­րե­լի են խան­գա­րուած ձե­ւա­չա­փով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, քան պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Սա­կայն սա չի նշա­նա­կեր, որ մենք կը հրա­ժա­րինք մեր դիր­քո­րո­շու­մէն, սկզբուն­քէն, թէ հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ մեր տե­սա­կէ­տը փո­փո­խու­թեան են­թար­կուած է», ը­սաւ Սա­հա­կեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս պա­հու դրու­թեամբ ի­րենք չեն տես­ներ Ար­ցա­խի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի միա­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, Ատր­պէյ­ճա­նի թոյլ տուա­ծը ո­րե­ւէ ձե­ւով չ՚ա­պա­ցու­ցա­ներ, թէ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին պի­տի վերսկ­սին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ յայ­տա­րա­րեց, որ այս հիմ­նախն­դի­րը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մարք Թո­նըր յայտ­նեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի շփման գծին վրայ փխրուն հրա­դա­դա­րի հաս­տա­տու­մը սկիզ­բին յու­սադ­րիչ էր, ո­րով­հե­տեւ կը կար­ծուէր, թէ ան պի­տի պահ­պա­նուի, սա­կայն ակն­յայ­տօ­րէն լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը նշեց, թէ ի­րենք կա­պի մէջ մնան եր­կու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն եւ հա­կա­մար­տու­թեան բո­լոր կող­մե­րուն հետ ու ի­րենց պատ­գա­մը կը մնայ նոյ­նը՝ ԱՄՆ խստա­գոյնս կը դա­տա­պար­տէ ա­մէն տե­սակ բռնու­թիւն եւ անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րէ հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ վե­րա­դառ­նալ հաշ­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին։

Մոս­կուա­յի Մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հին­գե­րորդ խորհր­դա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա։ Ան մատ­նան­շեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ զի­նեալ դի­մա­կա­յու­թիւ­նը չի թու­լա­նար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016