ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ

Հա­սա­րա­կա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու միու­թեան (PODEM) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին շրջա­նին պատ­րաս­տուած է տե­ղե­կա­գիր մը, որ կը կո­չուի՝ «1915-ն ու ան­դին. Թուր­քիոյ մէջ հա­սա­րա­կու­թեան ըն­կա­լու­մը»։ Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րուած ծա­ւա­լուն աշ­խա­տան­քի մը ար­դիւնքն է այս տե­ղե­կա­գի­րը, ո­րու հե­ղի­նակ­ներն են՝ PODEM-ի հե­տա­զօ­տու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Սա­պի­հա Սե­նեիւ­ճէլ Կիւն­տո­ղար եւ PODEM-ի ծրագ­րե­րու կա­ռա­վա­րիչ Այ­պարս Կէօր­կիւ­լիւ։ Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը բո­լո­րո­վին նոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով բե­րուած է հնա­րա­ւո­րինս այժ­մէա­կան վի­ճա­կի մը եւ այս տե­ղե­կա­գի­րը բազ­մա­կող­մա­նի հա­յեացք մը կը հա­մա­րուի՝ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ առ­կայ ի­րադ­րու­թիւ­նը վեր­լու­ծե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Ճան Փա­քէ­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած PODEM թէեւ կարճ ժա­մա­նակ մը ա­ռաջ հիմ­նուած է, սա­կայն այս տե­ղե­կա­գի­րը ու­նի խորք մը, ինչ որ պայ­մա­նա­ւո­րուած է ծրագ­րի մաս­նա­կից­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեամբ ու պա­շա­րով։ PODEM-ի գոր­ծու­նէու­թեան գրա­ւուած է նաեւ Է­թիէն Մահ­չու­պեան, որ ամ­փո­փած  է տե­ղե­կագ­րին հա­մար տա­րուած աշ­խա­տան­քը։ Հարկ է նշել, որ PODEM ներ­կա­յիս հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ եւս եր­կու նոր ծրագ­րի վրայ աշ­խա­տանք կը տա­նի։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ, «Քոն­րատ» պան­դո­կի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ PODEM-ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ պատ­րաս­տուած այս տե­ղե­կագ­րին ծա­նօ­թաց­ման հա­ւա­քոյ­թը։ Քա­նի մը տաս­նեակ մաս­նա­կից­նե­րով, նեղ շրջա­նա­կի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց PODEM-ի վար­չու­թեան փոխ-նա­խա­րար Էր­տալ Աք­սոյ։ PODEM-ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­հի Այ­շէ Իւս­թիւ­նէլ Եըր­ճա­լը վա­րեց հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին հե­ղի­նակ­նե­րը ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ ծա­նօ­թա­ցու­ցին տա­րուած աշ­խա­տան­քը։ Է­թիէն Մահ­չու­պեանն ալ հան­դէս ե­կաւ մեկ­նա­բա­նա­կան խօս­քով մը։

Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան կար­ծի­քի փո­խա­նակ­ման ձե­ւա­չա­փին մէջ ար­տա­յայ­տուե­ցան հա­ւա­քոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուէին դի­ւա­նա­կալ­ներ, դի­ւա­նա­գէտ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, վեր­լու­ծա­բան­ներ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան­ներ, ա­կա­դե­մա­կան­ներ եւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան աշ­խար­հէն դէմ­քեր։

Հարկ է նշել, որ PODEM կը նա­խա­տե­սէ հրա­տա­րա­կել նաեւ այս տե­ղե­կագ­րին անգ­լե­րէն ու հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը։ Կը նա­խա­տե­սուի նաեւ այլ եր­կիր­նե­րու մէջ եւս կազ­մա­կեր­պել նման ծա­նօ­թաց­ման ձեռ­նարկ­ներ, նե­րա­ռեալ Հա­յաս­տա­նը։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016