400-ԱՄԵԱՅ ՄԵՏԱՔՍԵԱՅ ԶԳԵՍՏ ՄԸ

Ջրա­սու­զորդ­նե­րը յայտ­նա­բե­րած են շրջազ­գեստ մը, որ ան­հե­տա­ցած էր 1642 թուա­կա­նին, երբ բրի­տա­նա­կան թա­գա­ւո­րա­կան նա­ւա­տոր­մի մէկ մա­սը Տուվ­րէն Հո­լան­տա մեկ­նե­լու ճա­նա­պար­հին խոր­տա­կուած էր վատ ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րու պատ­ճա­ռով:

 Euromag-ի հա­ղորդ­մամբ՝ 400-ա­մեայ մե­տաք­սէ զգես­տը նոր լոյս կը սփռէ անգլիա­կան քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ անգ­լիա­կան թա­գա­ւո­րա­կան զար­դե­րու գրա­ւադր­ման գաղտ­նի ա­ռա­քե­լու­թեան վրայ: Զգես­տը յայտ­նա­բե­րուած էր եր­կու տա­րի ա­ռաջ հո­լան­տա­կան կղզիի մօ­տա­կայ­քին, սա­կայն ա­նոր գո­յու­թեան մա­սին յայտ­նի դար­ձած է, երբ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը պար­զած են զգես­տի ծա­գումը:

 Զգես­տը պատ­կա­նած է Ռոքս­պուր­կի կոմ­սու­հի Ժան Քե­րին, որ թա­գու­հի Հե­րի­նէթ Մա­րիա­յի սպա­սու­հին ե­ղած է: Զգես­տը եւ տաս­ներ­կու խոր­տա­կուած նա­ւե­րէն յայտ­նա­բե­րուած այլ ա­ռար­կա­ներ կը ցու­ցադ­րուին Հո­լան­տա­յի Տեք­սէլ կղզիի ծո­վա­յին թան­գա­րա­նին մէջ, մին­չեւ Մա­յի­սի16-ը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016