ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՁԵՒԱՉԱՓ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ե­րէկ, Մոս­կուա­յի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով։ Ե­ռա­կող­մա­նի աշ­խա­տան­քա­յին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին շա­րու­նա­կուե­ցան քննար­կում­նե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու հա­մար։ Ընդգ­ծուե­ցաւ ան­ցեալ տա­րի Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Հայ եւ ա­զէ­րի նա­խա­րար­նե­րը ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­ցին ի­րենց ռուս պաշ­տօ­նակ­ցին՝ հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ հան­գու­ցա­լուծ­ման ա­ջակ­ցե­լու ուղ­ղեալ շա­րու­նա­կա­կան ջան­քե­րուն հա­մար։ Նա­խա­րար­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան շա­րու­նա­կել շփում­նե­րը՝ քննարկ­ման ա­ռար­կայ դար­ձած բո­լոր հար­ցե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մէն յե­տոյ նա­խա­րար­նե­րուն միա­ցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ռի­չըրտ Հակ­լընտ (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Սթե­ֆան Վիզ­քոն­թի (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում՝ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեան ե­րէկ բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուաւ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հայ զի­նուո­րի մը սպան­նուե­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017