ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ օդագնացութեան ընդհանուր գօտիի մը ստեղծման ուղղեալ համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւններուն առաջին փուլը։ Եւրոպական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Եւրոյանձնաժողովի օդագնացութեան համաձայնագրերու ստորաբաժանման ղեկավարի տեղակալ Քլաուս Կէյլ։ Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր վարչութեան պետ Սէրկէյ Աւետիսեան։ Ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավար Փիոթր Սվիթալսքի։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ Սվիթալսքի յայտնեց, որ ԵՄ-ի հետ օդագնացութեան ընդհանուր գօտիի միջոցաւ Հայաստան պիտի դառնայ ընդհանուր կարգաւորման դաշտի անքակտելի բաղադրիչը։ «Եւրոպական չափանիշներու եւ կանոնակարգերու կիրառման արդիւնքով Հայաստան պիտի դառնայ աւելի մեծ ընտանիքի անբաժան անդամը։ Հայաստան ի վիճակի պիտի ըլլայ օգտուիլ արտաքին աշխարհի հետ կապուելու աւելի լայն հնարաւորութիւններէ։ Երկրի մը համար, որ, դժբախտաբար, տակաւին ունի փակ սահմաններ, արտաքին աշխարհի հետ նման կապը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի», ըսաւ Սվիթալսքի եւ աւելցուց, թէ ապագայ համաձայնագիրը լուրջ օգուտներ պիտի ապահովէ երկրի շարքային քաղաքացիներուն, սպառողներուն։
Քլաուս Կէյլն ալ նշեց, որ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր այս գործընթացը կը նախապատրաստուէր։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ համաձայնութիւնը շահեկան պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ԵՄ-ի համար։ Բացի շուկան բանալէ եւ սահմանափակումները ջնջելէ, համաձայնագիրը միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը պիտի ներգրաւէ եւրոպական կարգաւորման ընտանիքին մէջ։ Կէյլ լիայոյս է, որ հնարաւորինս արագ պիտի կարենան համաձայնութիւն գոյացնել փաստաթուղթի բովանդակութեան շուրջ։
Իր կարգին, Սէրկէյ Աւետիսեանն ալ մատնանշեց, որ Հայաստանի մէջ 2013 թուականին որդեգրուած «Բաց երկնքի» քաղաքականութեան նախապայմաններէն մին է, որ երկիրը պէտք է ստեղծէ լիարժէք իրաւապայմանագրային դաշտ՝ գործընկեր պետութիւններուն հետ։ Ըստ իրեն, ԵՄ-ի հետ այս համաձայնութիւնը պիտի ապահովէ տոմսերու սակագինի մէջ զեղչեր։