ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՀԱՅԱՆՊԱՍՏ ՈՐՈՇՈՒՄ. ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ

Փորթուգալի խորհրդարանը շաբաթավերջին ընդունեց 24 ապրիլ թուակիր բանաձեւ մը, որով 1915 թուականի դէպքերը որակեց որպէս ցեղասպանութիւն։ Մինչ Փորթուգալ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց՝ արտայայտելով իր հակազդեցութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիա կը մերժէ Փորթուգալի խորհրդարանին կողմէ ապրիլի 26-ին ընդունուած որոշումը։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ բացարձակապէս անընդունելի են նման մօտեցումները, որոնք պատմութիւնը կը քաղաքականացնեն ու կ՚անտեսեն միջազգային եւ Եւրոպայի իրաւունքը։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Փորթուգալի խորհրդարանը ներքին քաղաքական նկրտումներով կը շեղեցնէ ճշմարտութիւնները եւ ասոր փոխարէն իրմէ կ՚ակնկալուի յարգանք ցուցաբերել պատմական իրողութիւններուն, արխիւային արձանագրութիւններուն եւ իրաւունքի նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2019