ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ ՉԿԱՅ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 1915 թուականի դէպքերուն՝ որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն որակուիլը անակնկալ պէտք չէ համարուի։ Ըստ իրեն, 24 Ապրիլին Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած պատգամին նպատակը Թուրքիան մեղադրելը չէ եղած։ Այդ պատգամին մէջ մատնանշուած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին պատահած դէպքեր եւ բուն նպատակը եղած է՝ զոհերու մեծարանքը։ Պլինքընի խօսքով՝ Ճօ Պայտըն պատմութեան ուղղեալ հասկացութիւն մը արտայայտած է եւ անցեալի մէջ ապրուած սպանդները մատնանշած է, որպէսզի այդ բոլորը անգամ մըն ալ չկրկնուին։

Համաշխարհային մամլոյ ազատութեան օրուայ (3 մայիս) ընդառաջ, Էնթընի Պլինքըն երէկ առցանց կլոր սեղանի մը մասնակցած է եօթ զանգուածային լրատուութեան միջոցի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հեռավար այս զրոյցին մասնակցած է նաեւ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի ներկայացուցիչը, որ այսօր մանրամասնութիւններ հաղորդած է ամերիկացի նախարարի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։

Պլինքըն յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու ձեռքբերման հարցին։ Ան ըսած է, որ ամերիկեան կողմի դիրքորոշումը ի սկզբանէ շատ յստակ է այս խնդրին շուրջ։ Ուաշինկթըն քանիցս զգուշացուցած է Անգարան։ Պլինքըն դիտել տուաւ, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ կարգ մը նիւթերու շուրջ շատ լաւ կը համաձայնին, իսկ կարգ մը նիւթերու շուրջ ունին տարաձայնութիւններ։ «Ս-400» հրթիռային համակարգերը ռիսքեր կը ստեղծեն ԱՄՆ-ի անվտանգութեան տեսակէտէ։ Ուաշինկթընի համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որ Անգարա եւ միւս բոլոր դաշնակիցները խուսափին ռուսական պաշտպանական համակարգեր ձեռք բերելէ։ «Մենք դէմ ենք, որ ռուսերը հասանելիութիւն ունենան ՆԱԹՕ-ի դաշնակից թըր-քական բանակին եւ թրքական պաշտպանական հատուածին», յայտնած է Պլինքըն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 29, 2021