ՌՈՒՄԲԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ հարցերը այնպիսի մտահոգիչ հունի մը մէջ կը խորանան, որ անխուսափելի պոռթկումներու եւ տագնապներու ծնունդ կու տան։ Հարցերը բոլորի համար ցաւալի են, բոլորը կը ձգտին լուծման, սակայն բարի ցանկութիւնները բաւարար չեն ըլլար հարթելու համար ամէն ինչ։ Վարչակազմակերպչական խնդիրներն ու համակարգային արդիւնաւէտ գործելաոճի բացակայութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը խորացնեն համայնքային կեանքի փակուղին։ Խնդրայարոյց բոլոր երեւոյթները վերջին շրջանին ա՛լ աւելի բարդացած են համաճարակի պայմաններուն ներքեւ։

Պատրիարքարանի աղբիւրները նախընթաց օր հրապարակեցին տեղեկագիր մը, որ կը կրէր Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի ստորագրութիւնը։ Պատրիարքարանի յանձնախումբերու համակարգողի հանգամանքով ան մեր վարժարաններու խնդիրներուն շուրջ ծաւալուած առցանց քննարկումի մը մանրամասնութիւնները ներկայացուցած էր։ Բայց եւ այնպէս, փութով յայտնի դարձաւ, որ սա միայն սառցակոյտի տեսանելի մասն էր։

Գումգաբուէն կատարուած վերջին հրապարակումները առաջին հերթին լայն քննարկումներու դուռ բացին համայնքային վարիչներու շրջանակներէն ներս։ Այդ քննարկումները ծաւալուեցան «Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» (ERVAB) կոչուած հարթակին վրայ։ Համայնքային բազմաթիւ վարիչներ ընդգրկուած են այդ հարթակին, որ աշխատանքային փակ խմբակի մը բնոյթը ունի։ Հեռավար դրութեամբ համայնքային վարիչներ այնտեղ խորհրդածութիւններ կ՚ընեն զանազան նիւթերու շուրջ եւ կ՚ունենան կարծիքի փոխանակումներ։ Յամենայդէպս, ERVAB-ի հարթակին վրայ սկսած քննարկումները շուտով վերածուած են բանավէճի մը, որ ծնունդ առած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած վերապահութիւններու եւ անհանգստութիւններու բերումով։ Ատենապետ Շիրինօղլուի քննադատութիւններուն եւ արտայայտած անհանգստութիւններուն ERVAB-ի հարթակին վրայ ծաւալուն պատասխան մը տրուած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Այդ պատասխանին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը որոշ մեղադրանքներ հասցէագրած է Շիրինօղլուին, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ ERVAB-ը։ Ուշ երեկոյեան ժամերուն Շիրինօղլուն ալ բաւական ծաւալուն պատասխան մը տուած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Մինչ այդ, այլ վարչական դէմքեր ալ ներգրաւուած են ստեղծուած բանավէճին։

Այսպէսով ջուրի երես ելած են Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ առկայ տարակարծութիւնները՝ թրքահայ իրականութեան այժմու հրատապ հարցերու լուծման հեռանկարներուն շուրջ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Պետրոս Շիրինօղլու յարմար դատած է մասնաւոր յայտարարութիւնով մըն ալ մամուլի միջոցաւ լուսաբանել հանրային կարծիքը։ Ուստի, ան այս առաւօտ հանդէս եկած է իսկապէս ցնցիչ յայտարարութիւնով մը, որով զգօնութեան կոչ ուղղած է համայնքային շրջանակներուն։ Պետրոս Շիրինօղլուի այս յայտարարութիւնը ծանրակշիռ բնոյթ մը ունի եւ ռումբի ազդեցութիւն կը գործէ համայնքային կեանքէն ներս։ Սա անակնկալ եւ անսպասելիօրէն ծագած տագնապ մըն է թէեւ, սակայն առիթ դարձած է շարք մը փակագիծերու հրապարակաւ բացման։ Պետրոս Շիրինօղլու շրջահայեաց եւ բազմակողմանի արժեւորումի մը ենթարկած է համայնքային կեանքի ներկայ ընդհանուր երթը եւ ըրած է նաեւ շատ ուշագրաւ քննադատութիւններ։ Սա միայն պոռթկումի մը կամ բողոքի մը բնոյթը չի կրեր, այլեւ՝ համայնքի թիւ մէկ աշխարհական վարիչին կողմէ հնչեցուած ահազանգ մըն է։

Վերջին պատրիարքական ընտրութենէն ի վեր մեր համայնքէն ներս ստեղծուած են ուշագրաւ հաւասարակշռութիւններ, որոնց մասին զանազան առիթներով ծաւալուած են խօսակցութիւններ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փորձած է Պատրիարքարանի հովանաւորութեան տակ կեդրոնական սեղան մը ստեղծել՝ համայնքային հարցերուն լուծում որոնելու եւ հաստատութիւններուն գործունէութիւնը համակարգելու նպատակով՝ ներառեալ միջոցներու արդար բաժանման խրախուսումը։ Այս գործառոյթը երկար ժամանակէ ի վեր կը կատարուէր VADİP-ի կողմէ, որ աւելի վերջ վերածուեցաւ ERVAB-ի։ Մինչեւ այդ պահը արձանագրուած արդիւնքները թէեւ բացարձակապէս գոհացուցիչ չէին, սակայն պատրիարքական ընտրութենէն վերջ որդեգրուած ճանապարհը ունէր տեսական թերութիւններ։ Արդարեւ, նոյն նպատակներուն հետամուտ, տեսականօրէն նոյն առաքելութիւնով երկու հարթակներ գործել կը սկսէին, գրեթէ նոյն կազմով։ Սա տեղին համեմատ խառնաշփոթի, տեղին համեմատ ալ երկգլխանի դրութեան մը դուռ կը բանար։ Այս հաւանականութիւնները առաջին իսկ օրէն զանազան առիթներով, զանազան հարթութիւններու վրայ թէեւ մատնանշուած էին, սակայն լուծման ամուր գետին մը չստեղծուեցաւ։ Ըստ երեւոյթին, Նորին Ամենապատուութիւնը կը կանխատեսէր բարեացակամութեամբ ձեւաւորել աշխատանքային նախընթացներ, որոնք պիտի ապահովէին նաեւ այդ պղտորութիւններու յաղթահարումը։ Դժբախտաբար իրադարձութիւնները նման լաւատես հաշուարկներու հունին մէջ չեն ընթացած։ Որոշ ժամանակ անց այսօր արդէն յայտնի է, որ կուտակուած խնդիրները պատճառ դարձած են տագնապի մը, որ համայնքէն ներս կրնայ նոր յուսախաբութիւն մը յառաջացնել եւ վարչակազմակերպչական գետնի վրայ կրնայ խորացնել առկայ կաթուածահար վիճակը։

Մեր հաւաքական կեանքէն ներս, ընդհանրապէս, տագնապալի իրավիճակներու մէջ առաջին հերթին բոլորի ակնկալութիւնը կ՚ըլլայ հրդեհը մարել։ Սա, անշուշտ, բնական է եւ ունի իր տրամաբանութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, ամէն անգամ տագնապ մը կասեցնելու կամ սանձելու ժամանակ կ՚անտեսուին բուն դրդապատճառները։ Մարդիկ ծագած հարցի բոլոր կողմերուն կ՚ըսեն, որ անոնք արդար են, իրաւունք ունին, սակայն, այդ բոլորէն վերջ բոլոր խնդիրները կը մնան օդին մէջ։ Այս անգամ ալ պէտք չէ այդպէս ըլլայ։ Անշուշտ ERVAB-ի փակ խմբակի հարթակին վրայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ գրի առնուածներուն շուրջ տեղեկութիւնները սահմանափակ են, սակայն, սա չի փոխեր այն ճշմարտութիւնը, թէ Շիրինօղլուի յայտարարութեան մէջ նշուած բազում հանգամանքներ ճիշդ են, արդար են։ Պատրիարքական Աթոռն ալ այս փուլին, ըստ երեւոյթին, պէտք է պաղարիւնութեամբ առերեսուի համայնքային թիւ մէկ աշխարհական վարիչին կողմէ իրեն հասցէագրուած քննադատութիւններուն հետ։

Այս պահուն թէեւ դժուար է կանխատեսել, որ Պետրոս Շիրինօղլուի այս վերջին յայտարարութիւնով ինչպիսի վիճակ մը պիտի ստեղծուի համայնքային կեանքէն ներս, սակայն, դժուար չէ պատկերացնել, որ այս յայտարարութիւնով նոր շրջափուլ մը կրնայ սկսիլ եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը կրնայ հասնիլ նոր ճամբաբաժանի մը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 29, 2021