«ԱՐԱՍ» ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՄԷՋ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ «ԱՆԻԾԵԱԼ ՏԱՐԻՆԵՐ»ՈՒ ԹՐՔԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է հայկական երգիծաբանութեան տիտաններէն Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ» կոթողային գործը։ «Արաս»ի եւ «Քոր քիթափ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած հրատարակչական ծրագիր մըն է այս մէկը։

Երուանդ Օտեան թէեւ եղած է անկրկնելի երգիծաբան մը, սակայն, իր ամենայայտնի երկը կը համարուի «Անիծեալ տարիներ»ը, որ այդ ոճէն դուրս է։ Օտեանի Իսթանպուլէն դէպի Տէր Զօր աքսորման ու վերադարձի ժամանակահատուածին՝ 1914-1919 թուականներու վկայութիւններուն վերաբերեալ ականատես դարձած ողբերգութիւններուն մասին յուշագրութիւն մըն է այս գործը, որ տասնամեակներու ընթացքին դասականացած է։

Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ»ը առաջին անգամ որպէս թերթօն հրատարակուած են ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ՝ մանաւանդ, որ Օտեան եղած է թերթիս պատմութեան առանցքային կերպարներէն մին։ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ»ը հայերէնէ թրքերէնի թարգմանած են Սիրվարդ Մալխասեան եւ Գէորգ Թաշքըրան։ Թրքերէն թարգմանութեան համար յառաջաբան մը գրի առած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պլտեան։

Գիրքին մէջ ներառնուած են նաեւ Օտեանի կեանքէն կարգ մը յատկանշական դրուագներ, ինչպէս նաեւ Գահիրէի իր շիրմին լուսանկարը։ Նշուած է, որ Գահիրէի ազգային գերեզմանատունին մէջ կողք կողքի ամփոփուած են Երուանդ Օտեան եւ Արփիար Արփիարեան, որոնք Եգիպտոսի մէջ գտնուելու ժամանակ աշխատած են միասին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2022