«ԵՐԵՒԱՆ ՉԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՐ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԻԼ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ՈՐԵՒԷ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, թէ Երեւան երբեք պատրաստ չէ ու չի պատրաստուիր ներգրաւուիլ՝ Լաչինի միջանցքի դրութեան վերաբերեալ նոր կարգաւորման մը շուրջ որեւէ բանակցութեան։ «Մենք կը կարծենք, թէ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, ո՛չ միայն Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ, անխափան կերպով պէտք է իրականացուին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու համընդհանուր կարգաւորման գործընթացէն ներս աւելի լուրջ ձեռքբերումներ ունենալ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան, երէկ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ Երեւանի մէջ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Նախարարը կրկնեց նաեւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը բացարձակապէս ապօրինի է։

Ըստ Արարատ Միրզոյեանի, համապարփակ ու երկարատեւ կարգաւորման համար առանցքային է առկայ բոլոր խնդիրները լուծելու հրամայականը՝ առանց ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման, նաեւ միջազգայնօրէն երաշխաւորուած երկխօսութեան ձեւաչափի մը ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիրներու հասցէագրումը։ «Հայաստան տարբերութիւն չի դներ հարթակներու միջեւ, խաղաղութեան գործընթացը մէկ է, բանակցութիւններն ալ կ՚ընթանան խաղաղութեան պայմանագրի միեւնոյն նախագծի եւ անոր հիմնադրոյթներու շուրջ։ Մենք շնորհակալ ենք բոլոր մայրաքաղաքներուն, որոնք հարթակ կը տրամադրեն, կը փորձեն կամրջող դեր խաղալ այս գործընթացին մէջ։ Հայաստանի համար հարցը այդպէս չէ դրուած՝ բանակցիլ Մոսկուայի, Պրիւքսելի, թէ Ուաշինկթընի մէջ», յայտնեց Միրզոյեան։

Իր կարգին, Քաթրին Քոլոննան ալ յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ Հայաստան-Ատրպէյճան հրադադարի համաձայնութեան։ Ֆրանսա լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւններուն։

Քաթրին Քոլոննա, որ երէկ Երեւանի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ այցելեց Եռաբլուր նահատակաց պանթէոնը, անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու յառաջխաղացումներուն։ «Ֆրանսա դատապարտած է ու կը դատապարտէ նման միակողմանի քայլերը», ըսաւ ան եւ յիշեցուց, որ այս կապակցութեամբ ինչ որ ըսած է Երեւանի մէջ, նոյնը ըսած է նաեւ Պաքուի մէջ։ Ֆրանսացի նախարարը դատապարտեց նաեւ Պաքուի կողմէ՝ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի արձակած վճռին չկատարուիլը։ «Շատ կարեւոր է յարգել այդ վճիռը, որովհետեւ սա է իրաւական իրականութիւնը եւ որովհետեւ չկատարելը նաեւ կը հրահրէ անվստահութեան առկայ մթնոլորտը», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Քոլոննայի խօսքով՝ Ֆրանսայի եւ Եւրոմիութեան միակ նպատակն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ խաղաղութեան վերականգնումը։ Քոլոննա, որ Երեւանէն ուղեւորուեցաւ Թիֆլիզ, Վրաստանի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներուն ընթացքին ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի շարունակուին ջանքերը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման նպատակով։

Իր կարգին, Արմէն Գրիգորեանն ալ նշեց, որ Երեւան կ՚ակնկալէ Փարիզի աջակցութիւնը՝ դէպի Լաչինի միջանցք ու Լեռնային Ղարաբաղ միջազգայն փաստահաւաք առաքելութիւն մը ուղարկելու հարցին մէջ։ Ան տեղեկացուց, որ մօտաւոր ապագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը սպասուին բանակցութիւններու եւ ներկայիս քննարկումներ կ՚ընթանան անոնց կազմակերպման համար։

Լաչինի միջանցքին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ անցեալ շաբաթավերջին սկսած անցակէտի հաստատման նախաձեռնութեան առաջին իսկ պահէն ի վեր Արմէն Գրիգորեան կոչ կ՚ուղղէ Ռուսաստանին՝ անյապաղ քննարկումներ սկսելու, շրջափակման վերացման, այդ անցակէտի տեղադրման կանխարգիլման եւ անվտանգութեան իրական երաշխիքներու ապահովման ուղղութեամբ։

Մինչ Երեւան կ՚ակնկալէ դէպի Արցախ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային առաքելութեան մը գործուղղուիլը, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ վերջին օրերուն յայտարարութիւնով մը կոչ ուղղած էր Ռուսաստանին, որպէսզի ի վերջոյ կատարէ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնով իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւնը՝ վերացնելով Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակումը եւ ապահովելով Ատրպէյճանի զօրքերու դուրս բերուիլը Լաչինի միջանցքէն ու ամբողջ անվտանգութեան գօտիէն։ Նախարարութիւնը նաեւ կոչ ուղղած էր միջազգային անվտանգութեան լիազօրութեամբ օժտուած ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն, որպէսզի յստակօրէն արձագանգեն Ատրպէյճանի կողմէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը խարխլող գործողութիւններուն։ Հայկական կողմը կրկնած էր նաեւ իր պահանջը, որպէսզի գործօն քայլեր առնուին՝ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի համապատասխան վճռի անվերապահ կատարման ուղղութեամբ։

Վերջին օրերուն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ վերահաստատած էր, որ երկիրը կ՚ապրի անվտանգութեան տագնապ մը եւ այդ մէկը ստեղծուած է շատ աւելի վաղ։ «Հայաստանի համար կարեւոր է, որպէսզի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաւանական պայմանագրին մէջ ամրագրուած ըլլայ համապատասխան երաշխիքներու համակարգ, որով կ՚երաշխաւորուի այդ պայմանագրի դրոյթներու պահպանումը։ Ընդհանուր առմամբ, այսօր միջազգային իրադրութիւնը այնպէս մըն է, որ որեւէ երկիր չի կրնար յստակ որեւէ բան երաշխաւորել՝ ներառեալ իր անվտանգութեան վերաբերեալ», նշած էր ան։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023