«ՅԱՆԿԱՐԾ»Ի ՅԱՋՈՂ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Երէկ երեկոյեան, «Յանկարծ» թատերախումբը յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Moda Sahnesi»ի բեմին վրայ, Գատըգիւղ։ Այսպէսով սկսաւ «Յանկարծ»ի ներկայացումներու շարքը, որով թատերասէրներուն կը ներկայացուի «Yüreğim Dağlardadır» խաղը՝ ամերիկահայ անմոռանալի գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի անգլերէն համապատասխան գործի հիման վրայ պատրաստուած բեմագրութեամբ։ Բեմադրիչներն են՝ Թարա Տեմիրճիօղլու եւ Եղիա Աքկիւն։ Ներկայացման աւարտին դերասաններն ու թեքնիք անձնակազմը արժանացան թատերասէրներու ջերմ ծափողջոյններուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023