ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՄՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ մայիսի 5-ը։ Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վերջինը Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացին մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023