«ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹ» ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

«Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի հիմ­նէ ամպա­յին եւ բջի­ջա­յին փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու նոր կեդ­րոն մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, սա պի­տի դառ­նայ ըն­կե­րու­թեան տասն լա­ւա­գոյն կեդ­րոն­նե­րէն մին աշ­խար­հի մէջ։ «Մայք­րո­սոֆթ»ի Կեդ­րո­նա­կան եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ Տոն Կրան­թամ յայ­տա­րա­րեց, որ սոյն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կեդ­րո­նի ստեղծ­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ պայ­մա­նա­գիր մը ստո­րագ­րուած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ։ Ըստ ի­րեն, հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն օգ­նե­լու հա­մար ի­րենք պի­տի օգ­տա­գոր­ծեն նաեւ ի­րենց կա­պե­րը։

«Հա­յաս­տան ներ­կա­յիս կը հան­դի­սա­նայ շու­կա­յէն ներս մեծ նե­րու­ժի տէր փոր­ձա­գի­տա­կան կեդ­րոն մը։ Զար­գա­ցում ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ան պէտք է դառ­նայ թուա­յին հա­սա­րա­կու­թիւն՝ նե­րառ­նե­լով փոր­ձա­գի­տու­թիւն­ներ խթա­նե­լու մրցու­նա­կու­թիւ­նը, ա­ճը եւ ար­տադ­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը իւ­րա­քան­չիւր ո­լոր­տէն ներս։ Մենք Հա­յաս­տա­նը կը դի­տար­կենք որ­պէս իս­կա­կան գոր­ծըն­կեր՝ խրա­խու­սե­լով փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կի­րա­ռու­մը իբ­րեւ զար­գաց­ման քա­թա­լի­զա­թէօր։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, մենք պատ­րաստ ենք հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ՝ կրթու­թեան, մտա­ւոր սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան, ար­դիւ­նա­ւէտ ու ա­պա­հով լու­ծում­նե­րու ներդր­ման ո­լորտ­նե­րէն ներս, որ­պէս­զի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նոյն­պէս բարձ­րաց­նէ իր ար­տադ­րո­ղա­կա­նու­թիւնն ու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով մեր ծա­ռա­յու­թիւն­ներն ու լու­ծում­նե­րը», ը­սաւ Տոն Կրան­թամ։

Հայաստանի մէջ հիմնուելիք կեդրոնը պիտի հանդիսանայ մէկ մասը «Մայքրոսոֆթ»ի նորարարութեան կեդրոնին եւ պիտի աջակցի՝ ամպային եւ բջիջային հարթակներու հիման վրայ լուծումներու։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015