ԱՒԵՐԱԿՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ…

Ծ.Խ.- www.haralez.net կայքէջին համար գրուած ու հեղինակին կողմէ խմբագրութեանս ալ ուղարկուած այս յօդուածը կ՚արծարծէ այժմէական նիւթ մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի պահանջով։ Հայկական աշխարհի պայմաններով, բաւական ինքնուրոյն եւ այլնտրանքային մօտեցումներով գրի առնուած յօդուած մըն է այս մէկը։ Նկատի ունենալով, որ դատական դիմումը կատարուած է Անթիլիասի կողմէ՝ յօդուածին մէջ որպէս հաստատութիւն, որպէս կառոյց  եկեղեցւոյ մասին գրուած ամէն ինչ, ըսուած ամէն խօսք, տրամաբանականօրէն, կը վերաբերի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլ ոչ թէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուրին։

Կանխաւ կ՚ուզենք մատնանշել նաեւ տարրական հանգամանք մը։ Յօդուածին հեղինակը նշած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ յայտարարած է իր որոշումը դատական այդ նախաձեռնութեան միանալու մասին։ Պարզ է, որ Մայր Աթոռի կողմէ այդպիսի յայտարարութիւն մը չէ կատարուած, միայն նշուած է, թէ Սուրբ Էջմիածինն ալ «կրնա՛յ» նման քայլի մը երթալ։ Բայց եւ այնպէս, գործնական իմաստով ներկայիս խնդրոյ առարկայ չէ նման երեւոյթ մը։

Հետեւաբար, յարդն ու կոթը տարանջատելու եւ ակնարկութիւնները աւելի հասկնալի դարձնելու մղումով կատարուած սոյն մատնանշումներէն վերջ, յօդուածը ստորեւ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

*

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Եկե­ղե­ցին կը պա­հան­ջէ պատ­մա­կա­նօ­րէն ի­րեն պատ­կա­նած սե­փա­կա­նու­թիւն­նե­րը Թուր­քիա­յէն: Ա­ւե­րակ ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ վան­քեր, հո­ղա­մա­սեր, ծխա­կան դպրոց­նե­րու շէն­քեր, եւ այլ, եւ այլն: Այս մա­սին, հո­գեխ­րով ճա­ռով մը ա­ռա­ջին յղու­մը կա­տա­րեց Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսը, Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­ցած Հա­յաս­տան-Սփիւռք 6-րդ հա­մա­ժո­ղո­վին: Քա­ղա­քա­կան մար­մին­նե­րու լռու­թեան դի­մաց ե­կե­ղե­ցին կը շար­ժէր ա­նակն­կալ մա­տու­ցե­լու մտադ­րու­թեամբ եւ գոր­ծի կը լծէր մինչ այդ պա­հուած «էնթ­րի­ք»ը, ո­ր կը վե­րա­ծուէր՝ կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թեան:

Մինչ ե­կե­ղե­ցին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան այս «քայ­լե­ր»ով հան­դէս կու­ գար, Սփիւռք եւ Հա­յաս­տան կը զգու­շա­նա­յին ի­րաւ գնա­հա­տա­կան մը տալ այս քայ­լին:

Ա­ւե­լի ուշ, Ապ­րի­լեան ո­գե­կոչ­ման նուի­րուած ո­ւա­շինկ­թը­նեան այ­ցին զուգահեռ, Մայր Ա­թո­ռը կը յայ­տա­րա­րէր իր ո­րո­շու­մը միա­նա­լու այդ նա­խա­ձեռ­նու­թեան:

Մեծհայրս՝ Ար­թին Ա­պու­տու­րուեան ծնած է Ա­տա­նա, 1880 թուականին, աք­սո­րուած ու հա­սած է Զահ­լէ, ա­պա Պէյ­րութ: Ար­թի­նի ըն­տա­նի­քը վա­րած է բա­րե­կե­ցիկ կեանք: Ա­նոնք Ա­տա­նա­յի մէջ ու­նե­ցած են տու­ներ եւ կա­լուած­ներ: Ո՞ւր է ա­նոր ի­րա­ւուն­քը: Ո՞վ է ա­նոր ի­րա­ւուն­քի կրո­ղը: Ար­թի­նը, ա­նոր դուստ­րը՝ մայրս՝ Սրբու­հին, ու իր զա­ւակը, թոռ­նե­րը, հա­րե­ւան­նե­րը, բա­րե­կամ­ներն ու ըն­կեր­նե­րը, հա­մա­քա­ղա­քա­ցի­ներն ու հա­մա­գիւ­ղա­ցի­նե­րը, հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք հրաշ­քով վե­րապ­րե­ցան օ­տա­րու­թեան մէջ հե­րո­սա­բար վե­րա­կանգ­նե­ցին ի­րենց հա­զա­րա­մեայ մշա­կոյթն ու տնտե­սու­թիւ­նը: Ա­նոնք կրցան ա­ճիլ որ­բա­նոց­նե­րէն, թի­թե­ղեայ ճամբարնե­րէն, ինք­նու­րոյն, մի­նակ, ի­րա­ւազր­կուած, ա­ռանց թոյզն ա­ջակ­ցու­թեան, եւ տա­կա­ւին կրցան կա­ռու­ցել նոր ե­կե­ղե­ցի­ներ, նոր վան­քեր, նոր դպրե­վան­քեր: Ու կրկին տէր դար­ձան ի­րենց ազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցիին: Ու նո­րէն դար­ձան հօտ: Ո՞ւր է հօ­տը Հայ­րա­պետ: Ո՞վ է հօ­տի ի­րա­ւունք­նե­րու կրո­ղը:

Պարզ է, այս ա­մե­նուն պատճառով մե­կու­սա­ցած, Ա­րամ Ա­.-ի ի­րա­ւա­կան դաշտ եր­թա­լու ե­րա­զը նոր ձե­ւա­չա­փե­րով գոր­ծե­լու ա­ռիթ կը դառ­նար: Այս մօ­տե­ցու­մով թուր­քերուն հետ նոր «խա­ղի մը մէ­ջ» մտնող ե­կե­ղե­ցին նախ եւ ա­ռաջ ի­րեն հա­մար կ՚ա­պա­հո­վէր գո­յու­թեան եւ «ը­նե­լի­ք»ի նոր ի­մաստ մը: Դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը շատ հա­ւա­նա­բար պի­տի ծա­ռա­յե­ցուէին Սփիւռ­քի հա­յու­թեան աչ­քե­րուն նոր փո­շի ցա­նե­լու եւ ե­ղած կարծ­րա­տի­պե­րը նո­րո­վի մա­տու­ցե­լու: Ե­կե­ղե­ցին կը մոռ­նար պա­հուան մը հա­մար, որ կարծ­րա­տի­պե­րը չեն մա­հա­ցած, ա­նոնք կ­՚ապ­րին եւ կը շա­րու­նա­կեն ճա­հի­ճի մէջ պա­հել ա­րեւ­մ­տա­հա­յու­թիւ­նը եւ ա­նոր պայ­քա­րը: Այս­տեղ նկա­տա­ռե­լի կե­ցուածք­նե­րուն եր­կուու­թիւնն էր անյս­տա­կու­թիւ­նը եւ հա­մա­հայ­կա­կան լուրջ ծրագ­րի մը չգո­յու­թիւ­նը:

Բան­տար­կել մեր ժո­ղո­վուր­դը ե­կե­ղե­ցա­կան կա­լուած­ներ ստա­նալ-չս­տա­նա­լու խա­ղին մէջ եւ «թշնա­մի թուր­քին» (ե­կե­ղե­ցիի ձե­ւա­կեր­պու­մը) հետ ա­նուղ­ղա­կի երկ­խօ­սու­թեան մտնել եւ այդ երկ­խօ­սու­թեան բո­լոր բա­նա­լի­նե­րը մէկ ձեռ­քին մէջ պա­հե­լը, առ­նուազն ըն­դու­նե­լի չէ:

Մե­ղա­ւո­րը Ե­կե­ղե­ցին չէ: Մեղ­քը հայ քա­ղա­քա­կան մտքի եւ ա­նոր ա­նու­նով գոր­ծող մար­մին­նե­րուն ցարդ գործ­նա­կան ծրագ­րի մը շուրջ բո­լո­րուե­լու ո­րո­շու­մին բա­ցա­կա­յու­թիւնն է: Այդ ո­րո­շու­մի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը մեր ազ­գա­յին մտքի ճա­նա­պար­հին վրայ վե­րա­ծուած է ե­րաշ­տի: Մեր ո­գիին մէջ ե­րաշտ կայ: Ու այդ ե­րաշ­տին մէջ նո­րէն ե­կե­ղե­ցին ա­ւե­րակ­նե­րը վերս­տա­նա­լու իր ան­կոտ­րե­լի կամ­քին մէջ կը բան­տար­կէ հայ ժո­ղո-­վուրդի դա­տին էու­թիւ­նը:

Վեր­ջերս, ծպտեալ հա­յեր ա­ւե­րակ ե­կե­ղե­ցի­ներ այ­ցե­լող սփիւռ­քա­հայ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն կ՚ը­սէին. «Մենք կը կար­ծէինք, թէ ե­կած էք մեզ փնտռե­լու, մինչ մի քա­նի ա­ւե­րա­կի հա­մար ե­կած հա­սած էք հո­ս»: Եւ այդ­պէս է, ա­ւե­րակ­նե­րը ա­ւե­լի հիմ­նա­րար դար­ձած են քան ող­ջե­րը: Մե­ռել­նե­րու, ա­ւե­րակ­նե­րու ու յու­շե­րու մէջ ա­ւե­լի ա­ւիւն կ­՚ու­զենք գտնել: Ի­րօք ի՞նչ կը պա­հան­ջէ մեզ­մէ մեր ապ­րող միւս կէ­սը, որ այ­սօր տա­-րածուած է պատմական գաւառներու ամբողջ եր­կայն­քին: Ի՞նչ կը պա­հան­ջեն ա­նոնք, ո­րոնք ինչ-ինչ պայ­ման­նե­րու մէջ զրկուած են խա­չը համբուրե­լու կամ­քէն, կա­րո­ղու­թենէն կամ ա­ռի­թէն: Ի՞նչ կը պա­հան­ջեն ա­նոնք, որոնք կ­՚ու­զեն ի­րենց ուխ­տը նո­րո­գել: Շէն­քե՞ր, ա­ւե­րակ­նե՞ր… Ոչ բնա­կա­նա­բար:

Ե­թէ հա­յոց ե­կե­ղե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դի ո­գե­ղէն ամ­րոցն է, ա­պա պի­տի մտա­ծէ իր տարտղ­նուած հօ­տին մա­սին, ո­րուն թե­ման այ­սօր դար­ձած է թա­պու: Արեւմ­տա­հա­յոց պայ­քա­րը ա­նոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն մի­ջեւ մրցակ­ցու­թեան դաշ­տի մը պէտք չէ վե­րա­ծուի։ Ա­տի­կա կը փճաց­նէ մեր պայ­քա­րի նոր հանգ­րուա­նը իր ա­կուն­քէն սկսեալ։ Հե­տե­ւա­բար հարց մը կը ծա­գի մեր մտքե­րուն մէջ, ար­դեօք աս ալ ե­կե­ղե­ցա­կան դա­րա­ւոր դիր­քո­րոշ­ման նոր դրսե­ւո­րում մը չէ՞, որ կը մի­տի հո­յա­կապ խօս­քե­րու մի­ջո­ցով քօ­ղար­կե­լու եւ կա­սեց­նե­լու պայ­քա­րի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան եւ իս­կա­կան բո­լոր մի­տում­նե­րը։ Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը այ­սօր կո­չուած են պատմական Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան եր­թալ, ող­ջա­կի­զուե­լու գնով, ու թշուա­ռու­թեան մէջ թէ­կուզ, փնտռե­լու հա­մար հա­յու­թեան պա­տառ­նե­րը: Մոլ­լա­յին հետ, իմա­մին հետ, բո­լո­րին հետ բա­րե­կա­մա­նա­լու գնով. ան­շուշտ ե­թէ ի­րօք կը հա­ւա­տան մեր ժո­ղո­վուր­դի իր հայ­րե­նի­քին մէջ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին:

Հե­ռու ա­փե­րէն քա­րոզ­նե­րու, բարձ­րա­ղա­ղակ կո­չե­րու, գո­ռոզ պատ­գամ­նե­րու ժա­մա­նա­կը կը պատ­կա­նի ան­ցեա­լին: Հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին պար­տա­ւոր է ըլ­լալ ա­պա­քա­ղա­քա­կան, վե­րերկ­րա­յին, եւ հող, շահ ու ա­ւե­րակ­նե­րու հա­մար ի­րա­ւա­կան պայ­քա­րը պար­տի վստա­հիլ աշ­խար­հա­կան­նե­րուն, փո­խա­րէ­նը քա­րո­զե­լով միաս­նա­կա­մու­թիւն հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մէջ եւ ա­մէն տեղ: Հայ քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւին քա­րո­զե­լու՝ հե­զու­թիւն, ող­ջա­խո­հու­թիւն, աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն, ժո­ղովր­դա­սի­րու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նատ­ուու­թեան զգա­ցում:

Փո­խա­րէ­նը, մեր ժո­ղո­վուր­դի ապ­րե­լու կամ­քը եւ ա­նոր ու­նե­ցած նե­րու­ժը չենք կրնար բան­տար­կել ա­ւե­րա­կուած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­դար­ձը պա­հան­ջե­լու մէջ: Դա­տա­կան մար­մին­ներ ստեղ­ծե­լով եւ մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ ծախ­սե­լով ե­կե­ղե­ցի պա­հան­ջե­լը ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին ծրագիրը ըլ­լա­լու չէ: Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դա­տը կամ «ե­կե­ղե­ցի­նե­րու լե­զուո­վ» թուր­քերուն հետ խօ­սե­լու ձե­ւը ան­հե­ռա­տես յղացք է:

Քա­րե­ղէն ամ­րոց­նե­րէն, ա­ւե­րա­կուած ու լքուած, «մոռ­ցուա­ծ» ու ջնջուած տա­րածք­նե­րէն ան­դին այլ կա­րե­ւոր ան­յե­տաձ­գե­լի դրոյթ­ներ կան ու քրիս­տո­նէա­կան քա­րոզ­չու­թեան հիմ­քը մարդն է: Այդ ա­ռու­մով Հայ Ե­կե­ղե­ցին իր ե­րեք յա­րա­նուանա­կան թե­ւե­րով այ­սօր կո­չուած է, իր ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու պա­րու­նա­կը լայն­ցնել՝ հաս­նե­լու հա­մար Պո­լիս եւ գա­ւառ­ներ:

Այ­լա­պէս պի­տի մնանք ա­ւե­րակ պա­հան­ջող ժո­ղո­վուրդ մը, ո­րուն հա­մար ա­ւե­լի հեշտ է երկ­րոր­դա­կան գոր­ծե­րով զբա­ղիլն ու են­թա­կա­յա­կան ե­րազ­նե­րով ապ­րի­լը:

Թուր­քիա­յէն պա­հանջ­ներ ու­նե­նա­լու ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թա­ցը հայ քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ պէտք է ձե­ւա­ւո­րուի ու ան­կէ դուրս ե­կե­ղե­ցի կամ կա­լուած պա­հան­ջե­լը կը դառ­նան ինք­նան­պա­տակ ու ան­զօր:

Ե­ղա­ծը պա­հե­լու խո­հա­կա­նու­թիւ­նը ձգած, հօ­տը գայ­լին բե­րա­նը ձգած՝ ին­կեր ենք ինչ-ինչ հա­շիւ­նե­րու ե­տե­ւէն: Մսա­ղա­ցի վտան­գին դի­մաց կանգ­նած հա­լէ­պա­հա­յե­րու հար­ցը, օ­րի­նակ, ա­ւե­լի կա­րե­ւոր չէ՞, քան ա­ւե­րակ­նե­րը պա­հան­ջե­լու մար­տա­վա­րու­թիւ­նը:

Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի «Ա­ւե­րակ­նե­րուն մէ­ջ» գոր­ծը մեր գրա­կա­նու­թեան ա­մենէն ազ­դե­ցիկ, ա­մենէն ծանր, ա­մենէն ի­րա­ւա­ցի վկա­յու­թիւն­նե­րէն մէկն է, ուր Ե­սա­յեան ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րու­մը կը կա­տա­րէ Հա­մի­տի ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ծանր ու ան­պատ­մե­լի ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն: Տի­կին Ե­սա­յեան այդ գոր­ծը գրած է ա­ւե­րակ­նե­րուն մէ­ջէն ու այդ ա­ւե­րակ­նե­րէն դուրս գա­լու փա­փա­քով ու ճի­չով: Այ­սօր մենք կը լսե՞նք նոր ու հին ա­ւե­րակ­նե­րուն մէ­ջէն հնչող ա­ղա­ղակ­նե­րը:

Հա­րիւր տա­րի ե­ղանք դիակա­պաշտ, ա­ւե­րա­կա­պաշտ: Հի­մա ըլ­լանք կեան­քի ու մար­դու հա­ւա­տա­ցող­ներ: Ալ նա­յինք ա­ւե­րակ­նե­րէն ան­դին…։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015