Յ. ՊԱՐՈՆԵԱՆ ԵՒ ԵՐ. ՕՏԵԱՆ

Իս­թան­պու­լի «Շե­հիր» հա­մա-լըսա­րա­նի Գրա­կա­նու­թեան ֆա­քիւլ­թէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ շա­հե­կան դա­սա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Փրոֆ. Գէորգ Պար­տաք­ճեան, որ այս օ­րե­րուն կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ։ Սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի գրա­կա­նա­գէտ ու պատ­մա­բան Պար­տաք­ճեան, որ ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լէ Իս­թան­պուլ, այս շա­բա­թա­վեր­ջին ալ «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ պի­տի մաս­նակ­ցի շարք մը ձեռ­նարկ­նե­րու։ «Շե­հիր» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ իր ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Գէորգ Պար­տաք­ճեան ե­րէկ հան­գա­մա­նօ­րէն ար­տա­յայ­տուե­ցաւ 19-րդ դա­րուն Օս­մա­նեան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս հայ­կա­կան գրա­կա­նու­թեան եր­գի­ծա­բա­նա­կան-հեգ­նա­բա­նա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ մեր գրա­կա­նու­թեան եր­կու տի­տա­նա­յին ա­նուն­նե­րուն՝ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի եւ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի վրայ։ Սկիզ­բին Պար­տաք­ճեան ընդգծեց, թէ Պա­րո­նեան եւ Օ­տեան թէեւ կա­րե­ւոր ա­նուն­ներ են նաեւ Օս­մա­նեան գրա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ, սա­կայն ցարդ ան­տե­սուած են։ Հե­տե­ւա­բար, ան դրա­կան նկա­տեց ա­նոնց հե­ղի­նա­կած գոր­ծե­րուն այ­սօր թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նուի­լը։ Ըստ Գէորգ Պար­տաք­ճեա­նի, ե­թէ Օս­մա­նեան գրա­կա­նու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նայ կայս­րու­թեան բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու գրա­կա­նու­թե­նէն, ա­պա ա­նոր մաս կը կազ­մեն նաեւ Պա­րո­նեանն ու Օ­տեա­նը, ո­րոնք հայ գրա­կա­նու­թեան հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­նուն­նե­րը կը հա­մա­րուին։ Պար­տաք­ճեա­նի խօս­քե­րով, Պա­րո­նեա­նի եւ Օ­տեա­նի ար­տադ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կը հա­մա­րուի նաեւ լե­զուի պար­զեց­ման շրջա­նին եւ ա­նոնք ի­րենց նպաս­տը բե­րած են նաեւ ար­դի հա­յե­րէ­նի ձե­ւա­ւոր­ման։ Թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու հար­ցին շրջագ­ծով Պար­տաք­ճեան կանգ ա­ռաւ նաեւ ու­րիշ կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քի մը վրայ։ Ար­դա­րեւ, իր դի­տարկ­մամբ, անգ­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին Պա­րո­նեա­նի եր­գի­ծա­բա­նու­թեան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը գրե­թէ կ՚ան­հե­տա­նան ամ­բող­ջու­թեամբ։ Ֆրան­սե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին այդ խնդի­րը շատ ա­ւե­լի նուազ զգա­լի կը դառ­նայ, նոյն­պէս թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին ի­մաս­տի կո­րուստ­նե­րը կ՚ըլ­լան չնչին։

Գէորգ Պար­տաք­ճեան Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի մա­սին ար­տա­յայտուե­լու ժա­մա­նակ մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տեց, թէ ան կա­տա­րեալ մա­կար­դա­կի վրայ դի­տար­կած էր իր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։ Այդ դի­տարկ­ման կա­րո­ղու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է այն հան­գա­ման­քով, որ Պա­րո­նեա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը չէ սահ­մա­նա­փակուած միայն եր­գի­ծա­բա­նու­թեամբ, այլ ան ե­ղած է նաեւ լրագ­րող մը։ Մին­չեւ 1880-ա­կան թուա­կան­նե­րը Յա­կոբ Պա­րո­նեան ար­տադ­րած է բա­ւա­կան հան­գիստ եւ ար­դիւ­նա­ւէտ։ Ա­ւե­լի վերջ, Հա­մի­տեան բռնա­պե­տու­թեան շրջա­նի ճնշում­նե­րու սաստ­կաց­ման հե­տե­ւան­քով ան դի­մագ­րա­ւած է դժուա­րու­թիւն­ներ։ Ե­ղած են շրջան­ներ, երբ իր կարճ գրու­թիւն­նե­րը լոյս տե­սած են միայն ռու­սա­հայ մա­մու­լին մօտ։ Պա­րո­նեա­նի ար­տադ­րան­քը վեր­լու­ծե­լու ժա­մա­նակ Գէորգ Պար­տաք­ճեան մաս­նա­ւո­րա­պէս յի­շե­ցուց իր կող­մէ եւ­րո­պա­ցի­նե­րու հաս­ցէին կա­տա­րուած քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, Պա­րո­նեան կը բա­ցատ­րէր, թէ ա­նոնց նպա­տակն է միայն ի­րենց քա­ղա­քա­կան շա­հե­րուն հե­տապն­դու­մը։ Վե­րա­դառ­նա­լով թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու նիւ­թին՝ Պար­տաք­ճեան ընդգ­ծեց, թէ Պա­րո­նեա­նի գոր­ծե­րուն թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի նաեւ այդ քա­ղա­քա­կան քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու մե­րօ­րեայ բիւ­րե­ղաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Պա­րո­նեա­նի խիստ ո­ճին ալ անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Պար­տաք­ճեան ամ­փո­փեց ի­րեն վե­րա­բե­րեալ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։ Մեծ եր­գի­ծա­բա­նին յատ­կա­ցու­ցած ըլ­լա­լով իր դա­սա­խօ­սու­թեան ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը՝ Գէորգ Պար­տաք­ճեան ա­ւե­լի վերջ անդ­րա­դար­ձաւ Ե­րուանդ Օ­տեա­նին ու մա­նա­ւանդ շրջա­նի յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն նկատ­մամբ ա­նոր վե­րա­բեր­մուն­քին։ Պար­տաք­ճեա­նի հա­մոզ­մամբ, Օ­տեան բարձ­րա­ցած է Պա­րո­նեա­նի ու­սե­րուն վրայ։ Իր մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ, բնա­կա­նա­բար, Պար­տաք­ճեան մատ­նան­շեց նաեւ Օ­տեա­նի աք­սո­րուիլն ու մա­զա­պուրծ փրկուե­լով վե­րա­դար­ձը։

Դա­սա­խօ­սու­թեան վեր­ջին բաժ­նին մէջ Գէորգ Պար­տաք­ճեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Օս­մա­նեան շրջանի հայկական թատ­րո­նին, որ եւս կ՚ա­ռըն­չուէր օ­րուան նիւ­թին հետ։ Ան մատ­նան­շեց Վար­դո­վեա­նի եւ Մա­ղա­քեա­նի դպրոց­նե­րուն մի­ջեւ ապ­րուած պայ­քար­նե­րը եւ յի­շե­ցուց, թէ այդ շրջագ­ծէն ներս Յա­կոբ Պա­րո­նեան դիր­քա­ւո­րուած էր Վար­դո­վեա­նի կող­քին։

Փրոֆ. Գէորգ Պար­տաք­ճեա­նի ե­րէ­կուան անգ­լե­րէն դա­սա­խօ­սու­թեան հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան հիւ­րըն­կալ հա­մալ­սա­րա­նի Գրա­կա­նու­թեան ֆա­քիւլ­թէի դա­սա­խօս­նե­րը եւ ու­սա­նող­նե­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015