ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վերսկ­սած են, իսկ կղզիէն հա­սած լու­րե­րը այս հանգ­րուա­նին կը ներշն­չեն բա­ւա­կան լա­ւա­տե­սու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Մուս­թա­ֆա Ա­քըն­ճը եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի ղե­կա­վար Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տիս հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած են՝ փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղեալ շարք մը մի­ջոց­նե­րու շուրջ։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Մուս­թա­ֆա Ա­քը­նճը եւ Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տիս մէկ­տե­ղուե­ցան ՄԱԿ-ի բա­րի կամ­քի ա­ռա­քե­լու­թեան գրա­սե­նեա­կին մէջ, որ կը գտնուի կղզիի չէ­զոք հա­տուա­ծէն ներս։ Տե­սակ­ցու­թեան տան­տէրն էր ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի Կիպ­րո­սի գծով յա­տուկ խորհր­դա­կան Էս­փէն Պարթհ Էյտ։ Ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը տե­ւե­ցին շուրջ չորս ժամ։ Ներ­կայ էին նաեւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի Կիպ­րո­սի գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լայ­զա Պա­թըն­հայմ, ինչ­պէս նաեւ թրքա­կան կող­մի բա­նագ­նաց Էօզ­տիլ Նա­մի եւ յու­նա­կան կող­մի բա­նագ­նաց Անտ­րէաս Մաւ­րոեիան­նիս։ Հան­դի­պու­մէն վերջ Էյտ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, ո­րու ըն­թաց­քին նշեց, թէ ղե­կա­վար­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց նպաս­տը բե­րե­լու՝ եր­կու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րով, եր­կու հա­տուա­ծով դաշ­նակ­ցու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղեալ նպաս­տա­ւոր մթնո­լոր­տին։

Ա­քըն­ճը եւ Ա­նաս­տա­սիա­տիս յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի շա­րու­նա­կեն ու­նե­նալ ի­րե­րա­յա­ջորդ հան­դի­պում­ներ։ Ա­նոնք նախ պի­տի մէկ­տե­ղուին Յու­նիս 17-ին եւ Յու­նիս 29-ին։ Ի­րենց խտա­ցեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին նաեւ Յու­լի­սի 10-ին եւ 27-ին։

Ըստ Էյ­տի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, ղե­կա­վար­նե­րը հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած են հիմ­նա­կան հինգ կէ­տե­րու վրայ։ Այս ծի­րէն ներս աշ­խա­տանք­նե­րու պի­տի ձեռ­նար­կուին, որ­պէս­զի կող­մե­րու մի­ջեւ բա­ցուին ա­ւե­լի շատ թի­ւով ան­ցա­կէ­տեր։ Բաց աս­տի, ղե­կա­վար­նե­րը հա­մա­ձայ­նած են, որ­պէս­զի գործ­նա­կան քայ­լեր առ­նուին կղզիի ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի կեդ­րոն­նե­րու միաց­ման հա­մար։ Բջի­ջա­յին հե­ռա­խօս­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ ա­պա­հո­վուած է հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը, որ­պէս­զի կղզիի եր­կու հա­տուած­նե­րուն մէջ եւս հնա­րա­ւոր դառ­նայ ա­նոնց օգ­տա­գոր­ծու­մը։ Ղե­կա­վար­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան, որ­պէս­զի քայ­լեր առ­նուին՝ կղզիէ ներս ձայ­նաս­փիւ­ռի յա­ճա­խա­կա­նու­թիւն­նե­րու խա­չա­ձե­ւում­նե­րու կան­խար­գիլ­ման հա­մար։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, ա­նոնք հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած են սե­ռե­րու հա­ւա­սա­րու­թեան նիւ­թին շուրջ կո­մի­տէի մը ստեղծ­ման հա­մար։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­նոնք ի­րենց նա­խորդ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պայ­մա­նա­ւո­րուած էին ստեղ­ծել մշա­կոյ­թի կո­մի­տէ մը, ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ այդ կո­մի­տէ­նե­րու ան­դամ­նե­րուն ա­նուա­նա­ցան­կը։

Ա­քըն­ճը եւ Ա­նաս­տա­սիա­տիս հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սան, որ­պէս­զի վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման նպա­տա­կին ուղ­ղեալ հա­ւա­նա­կան մի­ջոց­նե­րը պրպտուին եւ ներ­կայ ըն­թաց­քը խո­րա­նայ։

 

 

 

 

 

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015