ԵՄ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի եւ ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար այցելեց Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը այս առաւօտ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածքաշրջանային եւ միջազգային հրատապ օրակարգի վերաբերեալ հարցեր։ Ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար Փիոթր Սվիթալսքի։

Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս այս առաւօտ տեղի ունեցած զրոյցէն դրուագ մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018