ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Լիբանանի մէջ, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը առողջապահական եւ ընկերային գործունէութիւններու կողքին ունեցած է բարգաւաճման ծը-րագիրներ: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս դեղերու բաժանմունքին կազմակերպութեամբ գործադրութեան դրուեցաւ կիներու առողջապահական-դաստիարակչական-ուսուցողական ծրագիր մը, որուն նպատակն է ուսուցանել կանխարգելիչ միջոցներ, հը-նարքներ եւ գործադրել խորհուրդներ՝ հայկական մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Տարուան հինգերորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ վերջերս: Օրուան դասախօս Տքթ. Էտի Ռագուպեան ներկայացուց շինիչ եւ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը՝ «Ըմպելի ջուրը եւ բաղադրիչ չափանիշները» նիւթով:
Ապա՝ «Ճինիշեան»ի դեղարանի պատասխանատու Նանոր Թաշճեան ներկայացուց «Ձիթային ողողման բարիքները» նիւթով տեսերիզ մը:
Օրուան նիւթերուն շուրջ քննարկումներ եւ վերլուծումներ տեղի ունեցան:
Այս հանդիպումը նուիրուեցաւ մայրերու մեծարումին՝ ըստ հայկական աւանդութեան: Ներկաները ուրախութեամբ հատեցին կարկանդակը, որմէ ետք իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ նուէր մը՝ «ապակեայ ՆՈՒՌ», իբրեւ օրհնաբերութեան հայկական խորհրդանիշ: