ՇԱՀԱՊԱՇՏ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան աւարտեց իր շփումները Երեւանի մէջ։ Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ ընդունուելէ վերջ ֆրանսացի նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Լը Տրիան եւ Մնացականեան Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիրէն ներս մասնակցեցան նաեւ աղբիւր-յուշարձանի մը բացման արարողութեան։ Այդ մէկը կը խորհրդանշէ հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը։ Մնացականեան եւ լը Տրիան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ստորագրեցին երկկողմանի համագործակցութեան խրախուսման ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթեր։ Նախարարները աւելի վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու նախարարները ասուլիսի ընթացքին հպարտութիւն յայտնեցին Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանին համար։ Անոնք կարեւորեցին մարդասիրական համագործակցութիւնը։ Բանակցութիւններու ընթացքին երկու նախարարները քննարկեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Իր կարգին Ժան-Իվ լը Տրիան անընդունելի համարեց թէ՛ առկայ կարգավիճակը եւ թէ ուժի գործադրութիւնը։ Ֆրանսացի նախարարի խօսքով՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ իր երկիրը վճռականօրէն պիտի շարունակէ դերակատարութիւնը։ Ան համոզուած է, որ այս հարցին պէտք է մօտենան շահապաշտ ձեւով։
Մնացականեանն ալ յայտնեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ Ֆրանսայի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու՝ Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործադրուող ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Այս համատեսքին մէջ կը վերահաստատենք Հայաստանի յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման համար։ Գործընկերոջս հետ համակարծիք ենք, թէ այս գործընթացի յաջողութեան համար կարեւոր է խաղաղութեան միտուած մթնոլորտի մը գոյութիւնը», ըսաւ Մնացականեան։
Իվ լը Տրիան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին վերահաստատեց նաեւ, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ Հայաստան։