ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի վերջին օրերուն այցելեց Թիֆլիզ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։ Վարաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւններուն մասնակցութիւն բերաւ նախարարը, որ այս առթիւ ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ երկրի խորհրդարանի երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։ Ճանիքլի ուշադրութիւն հրաւիրեց Թուրքիոյ եւ Վրաստանի ամուր եւ յատուկ յարաբերութիւններուն վրայ, ու շեշտեց, որ անոնց զարգացումը կը շարունակուի։ Ճանիքլի երկու երկիրները որակեց ռազմավարական գործընկեր։ Անգարա եւ Թիֆլիզ բազում բնագաւառներէ ներս կը տեւականացնեն համատեղ աշխատանքը։ Թուրքիա-Վրաստան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի երրորդ ժողովն ալ այս տարի նախատեսուած է Անգարայի մէջ։ Պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս երկու երկիրներու համագործակցութիւնը կը շարունակ-ւի լաւագոյն ձեւով։
Ճանիքլի Թիֆլիզի մէջ շեշտեց նաեւ, որ Թուրքիա կը շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել՝ Վրաստանի ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոատլանտեան միւս հաստատութիւններու հետ համարկման նպատակով։ Նուրետտին Ճանիքլի ելոյթին մէջ մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ Թուրքիա Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հիմնախնդիրներուն լուծումը կ՚ակնկալէ՝ Վրաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հիման վրայ։