ԿԱՐԵՒՈՐ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրաքի նախագահ Պերհամ Սալիհը։ Երկու ղեկավարները «Վահտետտին» ապարանքին մէջ հանդիպում մը ունեցան՝ իրենց կողակիցներուն մասնակցութեամբ։ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պերհամ Սալիհ նախ ունեցան զրոյց մը, որու աւարտին համախմբուեցան իֆթարի սեղանի շուրջ։

Պեհրամ Սալիհի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ հետաքրքրական ժամանակաշրջանի մը, որովհետեւ Թուրք զինեալ ուժերը վերջին օրերուն Հիւսիսային Իրաքի մէջ հերթական գործողութիւններ կ՚իրականացնեն ՓՔՔ-ի ահաբեկիչներուն դէմ։ Այս օրերուն ալ լայնածաւալ գործողութիւններ կ՚ընթանան՝ ռազմաօդային եւ ցամաքային զօրքերու մասնակցութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Սալիհ կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ։ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պերհամ Սալիհ անդրադարձան նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցերու։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան-Պեհրամ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ դռնփակ։ Զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը եւ նախագահներու հանդիպման մասնակցութիւն բերին նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019