101-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Երէկ, Հայաստանի մէջ եւ ամբողջ հայաշխարհէ ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հանրապետութեան տօնը։ Այսպէս, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձը տօնախմբուեցաւ աւանդական շուքով։ Հայաստանի մէջ տօնակատարութիւններու գլխաւոր հասցէն էր Սարտարապատի յուշահամալիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ՝ պետական աւագանին ծաղկեպսակներ զետեղեց յուշահամալիրին մօտ։ Ներկայ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որու կողքին էին բազմաթիւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տօնակատարութեան ընթացքին ըսաւ.

«Մենք կու գանք ըսելու Առաջին Հանրապետութեան պետական այրերուն, թէ ահա ձեր բարձրացուցած դրօշը թանգարանային նմոյշ մը չէ ամենեւին, այլեւ կը ծածանի՝ որպէս Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան թիւ մէկ խորհրդանշանը։ Մենք կու գանք ըսելու, թէ անոնց գործը կենդանի է, անոնց երազանքը կ՚ապրի եւ անոնց երազանքը պիտի իրագործուի»։-ը

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019