ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Սուրիահայոց հիմնախնդիրներու համակարգող կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ Հայկական կարմիր խաչի ընկերակցութեան աջակցութեամբ Երեւանի մէջ սկսաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» ձեռագործ աշխատանքներու աւանդական դարձած ցուցահանդէս-տօնավաճառը։
Ցուցահանդէսին մասնակցեցան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Գիւղատնտեսութեան նախարար Սերկօ Կարապետեան, Հայկական կարմիր խաչի գլխաւոր քարտուղար Աննա Եղիազարեան, Ամերիկայի Հայկական համագումարի համանախագահ Էնթընի Պարսամեան, Համագումարի Հայաստանի եւ Ղարաբաղի գրասենեակի տնօրէն Արփի Վարդանեան եւ այլք։
Ցուցահանդէս-տօնավաճառին ներկայացուած են ձեռագործ աշխատանքներ եւ հրուշակեղէն։