ԵՄ-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Սպիտակ Ռուսիոյ մայրաքաղաքը՝ Մինսք։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր ԵՄ-ի անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներուն գագաթաժողովը Ռիկայի մէջ։ Այս առթիւ Արեւելեան գործընկերութեան ապագային տեսակէտէ ընդունուած էին կարեւոր որոշումներ։ Արդարեւ, Եւրոմիութիւնը պատրաստակամ գտնուած է Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից վեց պետութիւններէն իւրաքանչիւրին հետ յարաբերութիւնները յառաջ տանիլ ըստ իրենց առանձնայատկութիւններուն եւ հաւասարակշռութիւններուն։ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին շարունակութիւնը յատկանշական կը համարուի նաեւ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններուն աննախընթացօրէն լարուած առկայ մթնոլորտին մէջ։ Մասնաւորապէս Ուքրայնոյ զարգացումներուն բերումով Եւրոմիութիւնը կարեւորութիւն կ՚ընծայէ սոյն համագործակցութեան կայուն ընթացքին։
Հայաստան ներգրաւուած ըլլալով Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մէջ՝ գործընթացը յառաջ կը տանի միշտ հաւասարակշռութիւն որոնելով Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ։