ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՄՆ ՍԵՐՏ ՇՓՈՒՄԱՆ ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները հեռաձայնային տեսակցութեան ընթացքին շօշափեցին Սուրիոյ հիւսիսի վերջին իրադարձութիւնները։ Անոնք մասնաւորապէս անդրադարձան միջազգային համախոհութեան զօրքերուն կողմէ Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած գործողութիւններու ընթացքին։
Ամերիկեան կողմի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Ճոն Քերի դրուատիքով արտայայտուեցաւ ապաստանեալներու հարցին շուրջ Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած դիրքորոշման մասին։ Չավուշօղլու եւ Քերի համակարծիք գտնուած են նաեւ մերձակայ շփումներու նիւթին շուրջ։