ՀԵՌՈՒ ՓՈՐՁՈՒԹԵՆԷ…
Երեւանի սրտին վրայ նոր շաբաթ մը եւս սկսաւ արտասովոր մթնոլորտի մէջ։ Համաժողովրդական բողոքի ալիքը կը շարունակուի ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման դէմ։ «Ո՛չ թալանին» խմբակին նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած հակազդեցութեան ալիքը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել երկրին օրակարգը։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը թէեւ միշտ համոզուած կը մնայ, որ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինին բարձրացումը հիմնաւորուած է, սակայն նաեւ առաւելագոյն նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ, որպէսզի ծայրայեղութիւններ չյառաջանան՝ ցուցարարներու բողոքի ազատութեան եւ հասարակական կարգի պահպանման հաւասարակշռութեան ուղղեալ միջա-մըտութիւններուն մէջ։
Այս պայմաններուն ներքեւ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ շաբաթավերջին հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Ան խորհրդակցութիւն մը կատարեց Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան պատասխանատուներուն հետ։ Սարգսեան ընդգծեց, որ ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ուղին բարդ է, սակայն Հայաստանի պարագային սա այլընտրանք չունի։ Սերժ Սարգսեան աւելի վերջ ըսաւ.
«Ցուցարարները եւ իրաւապահները այս քանի մը օրերուն ընթացքին կարողացան աւելի մեծ փոխադարձ վստահութիւն ձեւաւորել, քան հնարաւոր պիտի ըլլար քանի մը տասնամեակի ընթացքին։ Ես, անշուշտ, հետեւած եմ վերջին զարգացումներուն եւ կ՚ուզեմ արձագանգել, որ Յունիսի վերջին շաբթըւան ընթացքին Հայաստան դարձաւ մեծ ու արդիւնաւէտ ուսումնական կեդրոն մը՝ համալսարան, ուր մեր քաղաքացիներն ու իրաւապահները, լրագրողներն ու պատգամաւորները, մտաւորականներն ու օտարերկրացիները իրարու կը սորվեցնէին ու իրարմէ կը սորվէին, զիրար կը լսէին, նոյնիսկ խնդրի հանդէպ անհանդուրժողականութեամբ ափէ ափ լցուած կը հանդուրժէին իրարու, կը լսէին այնպէս, ինչպէս աշխարհի քիչ անկիւններու մէջ զիրար լսել գիտեն»։
Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ բարեբախտութիւն նկատեց, որ հայկական լրատուամիջոցներու հերոսները այս օրերուն աւելի ու աւելի յաճախակիօրէն եղած են խաղաղ ցուցարարներն իսկ եւ հայկական լրատուամիջոցներու ջանքերով իսկ աշխարհ կը ստանայ հաւասարակշռուած տեղեկատուութիւն իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, իսկ պետութիւնը կը կարողանայ հակազդել հակահայկական ապատեղեկատուութեան։
Իր պատգամին մէջ Սերժ Սար-գըսեան կանգ առաւ նաեւ Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան եւ այդ համակարգի հետագայ առողջացման, առկայ խնդիրներու լուծման ուղղեալ քննարկումներուն։ «Ուրեմն եկէք լուծենք խնդիրը եւ եկէք այնպէս ընենք, որ ընթացքին որեւէ փորձութիւն չբերենք մեր գլխուն։ Չափը անցնիլ որեւէ պարագային կարելի չէ. ոստիկանութիւնը ի վիճակի է լուծել ամէն խնդիր, բայց սա մեր նպատակը չէ։ Եւ Աստուծոյ սիրոյն, հերիք է կաթուածահար ընէք քաղաքի կեդրոնը, պատասխանատուութեան բեռը բոլորիս ուսերուն հետզհետէ միայն պիտի աւելնայ։ Անցէք աւելի հանգիստ միջոցներու, ազատեցէք Բաղրամեան պողոտան եւ օգնեցէք լուծումներու փուլին եւ անոնց հանդէպ վստահութեան ամրապնդման հարցերուն մէջ։ Այն ուժանիւթի համակարգը, զոր այսօր մենք կը փորձենք զարգացման հիմքերու վրայ դնել, բոլորիս համար է, նախեւառաջ ձեր սերունդին համար։ Լսեցէք իմ բարեկամական յորդորը, անպայման լսեցէք։ Քանի մը օրէն կը փափաքիմ զրուցելու հրաւիրել ձեզմէ մէկ քանին, յոյս ունիմ, որ աւելի դիւրին իրականութիւն պիտի դարձնէք այդ հանդիպումը։ Գործ շատ կայ ընելու ու միասին պիտի աւարտենք այս դժուարին գործընթացը», ըսաւ Սարգսեան։