ԱՆԳԼԻՈՅ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Անգլիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ պատուիրակութիւն մը ներկայիս շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան հիւրընկալեց Միացեալ Թագաւորութեան զինեալ ուժերու 160-րդ Ուելսեան հետեւակային զօրքերու հրամանատար զօրավար Մարթին Քեմպըլի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան խորացման եւ այդ համագործակցութիւնը նոր ոլորտներով զարգացնելու հնարաւորութիւնները։
Հարկ է նշել, որ շուրջ երկու տարիէ ի վեր կողմերուն միջեւ հաստատուած է համագործակցութիւն մը, որու շրջագծով փորձառութեան փոխանակումներ կը կատարուի զանազան բնագաւառներու մէջ։