ԱՆԻԾԵԼԻ ԾՈՒՂԱԿ

Թուր­քիա սար­սա­փե­լի գի­շեր մը ապ­րե­լէ վերջ դի­մա­ւո­րեց այ­սօ­րուան այ­գա­բա­ցը։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ա­հա­բեկ­չա­կան ա­հա­ւոր դէպք մը պա­տա­հե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ, ինչ որ ցնցեց բո­վան­դակ եր­կի­րը, նաեւ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ հա­մայն աշ­խար­հով մէկ։ Սա հեր­թա­կան տմար­դի բռնա­րար­քը կը հա­մա­րուի, ո­րով­հե­տեւ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ կ՚ապ­րուին ի­րե­րա­յա­ջորդ ցնցիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Դժբախ­տա­բար, ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը չի պակ­սիր, դուրս չի մնար Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գէն՝ իր պատ­ճա­ռած ա­ւեր­նե­րով ու տե­ղի տուած անն­կա­րագ­րե­լի ցա­ւով հան­դերձ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Իս­թան­պու­լի դէպ­քերն ալ կ՚ու­նե­նան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ մեծ քա­ղաք­նե­րու պայ­թում­նե­րը կու գան ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն անդ­րա­դառ­նալ նաեւ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան վրայ։ Անվ­տան­գու­թեան գոր­ծօ­նին ա­ռըն­թեր այլ բնա­գա­ւառ­ներ ալ կ՚ազ­դուին այս սար­սա­փե­լի դէպ­քե­րէն, ինչ որ կը բազ­մա­պատ­կէ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ յա­ռա­ջա­ցած ցա­սու­մը։ Միակ մխի­թա­րու­թիւ­նը այն է, որ ժո­ղո­վուր­դը այս բո­լո­րին կը դի­մադ­րէ խոր գի­տակ­ցու­թեամբ եւ յա­ռա­ջա­ցած ցա­ւը կը դի­մագ­րա­ւէ՝ ամ­րապն­դե­լով միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։

Ե­շիլ­գիւ­ղի «Ա­թա­թիւրք» օ­դա­կա­յա­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պա­տա­հե­ցան ի­րե­րա­յա­ջորդ պայ­թում­ներ, ո­րոնք ստեղ­ծե­ցին ահ ու սար­սափ։ Դժբախ­տա­բար 36 հո­գի զոհ գնաց այս դէպ­քին, իսկ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 147-ի։ «Ա­թա­թիւրք» օ­դա­կա­յա­նի ար­տա­քին թռիչք­նե­րու բա­ժան­մուն­քէն ներս պա­տա­հե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քը։ Պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ ա­ւե­լի ուշ հրա­պա­րա­կուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով՝ ե­րեք «կեն­դա­նի ռում­բեր»ու կող­մէ կա­տա­րուե­ցաւ այս յար­ձա­կու­մը։ Սար­սա­փե­լի պայ­թու­մէն վերջ հրշէջ գուն­դի եւ շտապ օգ­նու­թեան ինք­նա­շարժ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս ուղ­ղուե­ցան դէ­պի օ­դա­կա­յան։ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ 23 շտապ օգ­նու­թեան ինք­նա­շարժ­նե­րով դէպ­քի վայ­րին վրայ օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րուած է վի­րա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս փո­խադ­րուած են հի­ւան­դա­նոց։ Նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ շեշ­տուե­ցաւ, թէ ո­րե­ւէ ձե­ւով ա­րեան պա­կաս մը գո­յու­թիւն չու­նի այն հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ, ուր վի­րա­ւոր­նե­րը առ­նուած են դար­ման­ման տակ։

Պայ­թու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիպ Շա­հին դէպ­քի վայ­րին մօտ հա­կիրճ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Մինչ այդ, Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ւագ դա­տա­խազ Հա­տի Սա­լի­հօղ­լու տեղ­ւոյն վրայ կա­տա­րեց զննում­ներ։

Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ ալ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ան­մի­ջա­պէս շարժ­ման ան­ցաւ Իս­թան­պու­լի այս սար­սա­փե­լի պայ­թու­մին բե­րու­մով։ Պէշ­թէ­փէի մէջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։ Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի այս հան­դիպ­ման մաս­նակ­ցե­ցան Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար, Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշ, Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լա եւ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք։ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ այս մթնո­լոր­տին մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ ա­հա­բեկ­չա­կան այս դէպ­քին վե­րա­բե­րեալ յայտ­նա­բե­րուած տուեալ­նե­րը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, թէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է այս պայ­թու­մը։ Ա­ռա­ջին տուեալ­նե­րը ար­դէն տուած են այդ ազ­դան­շա­նը։ Վար­չա­պե­տը ա­ւել­ցուց, որ դէպ­քի բա­ցա­յայտ­ման շուրջ աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Եըլ­տը­րը­մի խօս­քե­րով, այս դէպ­քը հեր­թա­կան ան­գամ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, որ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին սպառ­նա­լիք մըն է։

Իր կար­գին, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղանն ալ Իս­թան­պու­լի ա­հա­ւոր պայ­թու­մէն վերջ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Ըստ ի­րեն, այս յար­ձա­կու­մը հեր­թա­կան ան­գամ ի յայտ կը բե­րէ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու բուն դէմ­քը՝ թի­րախ դարձ­նե­լով ան­մեղ քա­ղա­քա­յին­նե­րը։

Էր­տո­ղա­նի հա­մոզ­մամբ, ակն­յայտ է, որ այս յար­ձա­կու­մը չէ հե­տապն­դած ո­րե­ւէ ար­դիւն­քի հաս­նե­լու նպա­տա­կը, այլ միայն ու միայն ան­մեղ մար­դոց ա­րեան ու ցա­ւին վրա­յով փորձ կը կա­տա­րուի մեր երկ­րին դէմ քա­րոզ­չու­թիւն ը­նե­լու։ Էր­տո­ղան խստիւ պա­խա­րա­կեց այս ա­հա­բեկ­չա­կան բռնա­րար­քը, զո­հե­րուն հա­մար յայտ­նեց ցա­ւակ­ցու­թիւն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը մատ­նան­շեց, որ դէպ­քը զու­գա­դի­պած է Ռա­մա­զա­նի շրջա­նին, ինչ որ փաստ մըն է, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը հա­ւա­տը նե­րա­ռեալ ա­ռանց ո­րե­ւէ ար­ժէք նկա­տի առ­նե­լու կ՚ըն­թա­նայ եւ խտիր չի դներ իր զո­հե­րուն մի­ջեւ։ Նա­խա­գա­հը հա­մո­զուած է, որ մարդ­կու­թիւ­նը պէտք է պայ­քա­րի ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Թուր­քիա կ՚ակն­կա­լէ, որ հա­մայն աշ­խարհ մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րը դրսե­ւո­րեն վճռա­կա­մու­թիւն։ Ե­թէ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը հա­մա­տեղ պայ­քա­րի մը չձեռ­նար­կէ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ, ա­պա մի առ մի ի­րա­կա­նու­թիւն պի­տի դառ­նան այն բո­լոր հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մտա­բե­րումն ան­գամ ներ­կա­յիս վախ կը պատ­ճա­ռէ։ «Ցա­ւակ­ցու­թիւն մեր ազ­գին», եզ­րա­փա­կեց Էր­տո­ղան ե­րէ­կուան պայ­թու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ հրա­պա­րա­կած պատ­գա­մը։

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած չորս կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը պա­խա­րա­կե­ցին ե­րէ­կուան ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քը։

Իս­թան­պու­լի ա­հա­բեկ­չա­կան հեր­թա­կան պայ­թու­մը հա­մայն աշ­խար­հի մէջ ստեղ­ծեց լայն ար­ձա­գանգ։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ դէպ­քին շուրջ ան­մի­ջա­պէս տե­ղեակ պա­հուած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­ման։ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րին ալ յայտ­նեց, որ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն դէպ­քին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար։

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն, Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման թա­գա­ւո­րը, Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք, ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Շթոլ­թեն­պերկ, Ի­տա­լիոյ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցի, Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կիոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի, Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ եւ այլ բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գե­ցին Իս­թան­պու­լի պայ­թու­մին՝ պա­խա­րա­կե­լով դէպ­քը։ Ե­գիպ­տո­սի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ պա­խա­րա­կեց այս սար­սա­փե­լի դէպ­քը։

Հարկ է նշել, որ պատ­կան մար­մին­նե­րու տե­ղին մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ օ­դա­կա­յա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ օ­դա­յին եր­թե­ւե­կը վե­րա­դար­ձած են բնա­կա­նոն հու­նի մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2016