ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Գերմանիա խորհրդարանական աշխոյժ համագործակցութեան կապակցութեամբ։ Անոնք արժեւորեցին կողմերու միջեւ հաստատուած վստահելի համագործակցութիւնը։

Մնացականեան Պունտեստակի նախագահին հետ անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան։ Նախարարը ներկայացուց ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու կողմէ՝ Հայաստանի հետ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացման ուղղութեամբ արձանագրուած զարգացումները։ Մնացականեան յոյս յայտնեց, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանը եւս մօտաւոր ապագային պիտի վաւերացնէ համաձայնագիրը։ Պունտեստակի նախագահին խնդրանքով Մնացականեան ներկայացուց Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, տարածքաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներու շուրջ մօտեցումները։ Մնացականեան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ հայկական կողմի դիրքորոշումը։ Ան նաեւ վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Նախարարը ընդգծեց նաեւ բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու համար՝ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի մը ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Բաց աստի, Պերլինի մէջ Զօհրապ Մնացականեան տեսակցեցաւ Գերմանա-հայկական ֆորումի նախագահ Ալպերթ Վայլէրի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Վայլէր ներկայացուց իր գլխաւորած ֆորումի գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագրերը՝ հայ-գերմանական քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ գիտակրթական կապերու ընդլայնման ու բազմաշերտ համագործակցութեան խթանման նպատակով։

Պերլինի մէջ Մնացականեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Գարմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաասի, Ներքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Հելմութ Թայխմանի եւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի նախագահ Նորպերթ Լամմերթի հետ։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018