ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագրով Կարէն Միրզոյեան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան։ Այս նշանակումը արդէն հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Կարէն Միրզոյեան հայկական դիւանագիտութեան փորձառու եւ յայտնի անուններէն մին է։ Մօտաւոր անցեալին ան եղած էր Արցախի Արտաքին գործոց նախարար։ Աւելի առաջ ան երկար շրջան մը աշխատած էր նաեւ Իսթանպուլի մէջ՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ։ Այժմ Կարէն Միրզոյեան կը ստանձնէ պատասխանատու նոր պաշտօն մը։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019