ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՀԱՐՍՏԱՑՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Մալթայի Արտաքին գործոց եւ առեւտուրի խթանման նախարար Քարմելօ Ապելան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւր նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Հարկ է նշել, որ առաջին անգամ Մալթայի կողմէ երկկողմանի հարթութեան վրայ պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, սա վկայութիւն մըն է երկկողմանի օրակարգի առաւել խորացման եւ հարստացման ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնելու փոխադարձ պատրաստակամութեան մասին։

Զրոյցի ընթացքին նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։ Անոնք մասնաւորապէս կարեւորեցին առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խթանման ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններու մշակումն ու իրագործումը։

Մնացականեան եւ Ապելա անդրադարձ կատարեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան։ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակի համատեսքին մէջ ընդգծուեցաւ, որ յոբելենական տարին լաւ առիթ մըն է անդրադառնալու համար արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ ուրուագծելու համար համատեղ աշխատանքի հեռանկարները։

Մնացականեան մալթացի իր պաշտօնակցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները՝ ընդգծելով խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայրի մը ձեւաւորումը եւ այդ շրջանակներէն ներս հրադադարի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։

Երկու նախարարները Երեւանի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Մնացականեան մատնանշեց, որ իր պաշտօնակցին հետ քննարկած են միջազգային օրակարգի հարցեր։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019