ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Երէկ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Քուէարկութեան չմասնակցեցաւ ընտրողներու 60 տոկոսը, ինչ որ պատմական մրցանիշ մը կը համարուի։ Կը հաղորդուի, որ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կուսակցութիւնը կրած է ծանր պարտութիւն մը։

Ընտրութիւններու արդիւնքով հայազգի Ժանն Բարսեղեան ընտրուեցաւ Սթրազպուրկի քաղաքապետ։ Ան ծոռն է Պերճուհի Բարսեղեանի, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի երեք անդամուհիներէն մին եղած էր։ Ժանն Բարսեղեանի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր Կանաչներու կուսակցութեան կողմէ։

Երէկուան ընտրութիւններու արդիւնքով Փարիզի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ ընկերվարական Անն Իտալկօ։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2020