ԼԻՊԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՔԱՅԼԵՐ
Ամերիկեան Bloomberg-ի վերլուծաբաններէն Պապի Կոշ մեկնաբանութիւն մը գրի առաւ Լիպիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վերլուծաբանը յայտնեց, որ Թուրքիա Լիպիոյ հարցին շուրջ ի դերեւ հանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի երազները։ Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած Թրապլուսի կառավարութեան դէմ՝ նախագահ Մաքրոն կը ձգտէր օրինականացնել հալիֆէ Հաֆթէրը, որ երկրի արեւելքի ապօրինի զինեալ ուժերու ղեկավարն է եւ պատերազմի կասկածեալ մը։ Վերլուծաբանը այս բոլորի լոյսին տակ նշած է, որ Մաքրոնի կողմէ Թուրքիոյ ցուցաբերուած բուռն հակազդեցութեան պատճառն է թաքցնել Լիպիոյ վերաբերեալ Ֆրանսայի սխալները եւ Միջերկրականի արեւելքին ուժանիւթի իրաւունքներու համար մրցակցութիւն մղել։
Ըստ նոյն վերլուծութեան, Լիպիոյ պարագային շօշափելի քայլեր առնող միակ ղեկավարն է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ այդ երկրի ազգային համաձայնութեան կառավարութեան տուած նեցուկով ապահոված է Հաֆթէրի զօրքերու նահանջը։ Վերլուծաբանը անարդար նկատած է Թուրքիոյ դէմ հասցէագրուած մեղադրանքները ու նշած է, որ Մաքրոն յիշողութեան կորուստ կ՚ապրի։