ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վերջերս փոքրամասնութիւններու շարք մը հաստատութիւններուն ուղղեալ կարգադրութիւններ կատարեց, ինչ որ շաբաթավերջին արձագանգ գտաւ նաեւ համայնքային շրջանակներէ ներս։ Այսպէս, մինչ փոքրամասնութիւններու Վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը կը սպասէ իր տրամաբանական լուծման՝ մինչ այդ կը կատարուին միջանկեալ կարգադրութիւններ։ Ինչպէս ծանօթ է, աւելի քան տարի մը առաջ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակած էր շրջաբերական մը, որով կը նախատեսուէր փոքրամասնութեանց վաքըֆներու վարչական խորհուրդները լրամշակել նշանակովի դրութիւնով մը։ Սա բնականաբար աւանդական դրութեան, խոր նախընթացներու ներհակ պարագայ մըն է, սակայն մինչեւ նոր ընտրութիւններու կատարուիլը նախատեսուած է որպէս միջանկեալ լուծում։ Այդ շրջաբերականի հրապարակումէն վերջ առաջին անգամ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը եկած է վերահաստատել մեր կարգ մը եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու կազմը լրամշակելու ուղղեալ ցարդ կատարուած նշանակումները։ Այս կարգադրութիւններուն կապակցութեամբ որեւէ պաշտօնական հաղորդում չէ կատարուած։ Մեր ունեցած լսումներու հիման վրայ ճշդեցինք, որ հայ համայնքի պարագային Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վերահաստատած է Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմերու լրամշակման ուղղեալ նշանակումները։ Ուշագրաւ հաւանութիւններ են ասոնք, որովհետեւ թէ՛ Օրթագիւղի եւ թէ Պիւյիւքտէրէի պարագային նշանակեալ ու վերահաստատեալ նոր թաղականները արդէն ուղղակի արենակցական կապ ունին տուեալ ատենապետներուն հետ։
Ուրիշ կարեւոր երեւոյթ մըն ալ կը վերաբերի Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն (ԹՎՄ) կոչուած միաւորման, որ եկած է փոխարինել մօտաւոր անցեալի Համայնքային վաքըֆներու հարթակը՝ VADİP-ը։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը պնդուէր, որ առանց ԹՎՄ-ի հաւանութեան Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հայ համայնքի հաստատութիւններու պարագային նշանակումներ պիտի չկատարէ։ Մինչ այդ, ծանօթ է, որ ԹՎՄ-ի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու վաղուց վերապահութիւններ ունեցած է Օրթագիւղի եւ Պիւյիւքտէրէի պարագային կատարուելիք նշանակումներուն, սակայն Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այս փուլին յարմար դատած է հաստատել այդ նշանակումները։
ԻՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄՈՒՐԱՏ ՍԻՒՄԷ
Երէկ, հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէի հետ։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կատարուած կարգադրութեան կապակցութեամբ ան մեզի փոխանցեց մանրամասնութիւններ։ Ըստ ատենապետ Սիւմէի, Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդը հինգ անդամներէ կը բաղկանար եւ որեւէ վտանգ չունէր մեծամասնութիւնը կորսնցնելու ուղղութեամբ։ Յամենայնդէպս, թաղային խորհուրդը յարմար դատեց անդամ մը եւս ընդգրկել իր կազմին մէջ եւ թաղականներու թիւը բարձրացնել 6-ի։ Այս իրավիճակին մէջ շուրջ ամիս մը առաջ կատարուեցան անհրաժեշտ դիմումները եւ թաղային խորհուրդի կողմէ յարմար դատուած անունը ներկայացուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան՝ առ ի վաւերացում։ Այդ դիմումին հիման վրայ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վերջերս վաւերացուցած է Մելիսա Ասլին Սիւմէի նշանակման դիմումը եւ ան արդէն Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդէն ներս պաշտօնի ձեռնարկած է որպէս փոխ-ատենապետուհի։ Մուրատ Սիւմէ շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ ալ տեղեկացուց, որ Մելիսա Ասլին Սիւմէ յառաջիկայ շրջանին պիտի ըլլայ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի ատենապետուհիի թեկնածուն՝ երբ որ տրուի ընտրութեան թոյլտուութիւնը։ Մուրատ Սիւմէ մեզի յայտնեց, որ Մելիսա Ասլին Սիւմէ միեւնոյն ժամանակ Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցիէն ներս ունի թաղականի պաշտօն։ Այսինքն, Սարըեէրի գաւառակէն ներս գտնուող երկու եկեղեցիներու մէջ ան ներկայիս վարչական պաշտօն կը ստանձնէ։ Մելիսա Ասլին Միւմէ ունի աշխատանքային բաւարար փորձառութիւն եւ արդէն որոշ ժամանակէ մը ի վեր Պիւյիւքտէրէի եկեղեցիէն ներս ալ հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի վերաբերեալ գործերու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է։
Երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Մուրատ Սիւմէ մեզի յայտնեց, որ իրենք որեւէ անպատեհութիւն չեն նկատած այս պարագային նոր նշանակուելիք թաղականի հետ հարազատութեան պարագան։ Թաղային խորհուրդը այն համոզումը ունեցած է, որ ան արժանի թեկնածու մըն է։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնն ալ արդէն Մելիսա Ասլին Սիւմէի հաստատագիրը (mazbata) ուղարկած է։ Մուրատ Սիւմէ ցաւով յայտնեց, որ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդը հեղինակազրկելու նպատակով համայնքէն ներս որոշ շրջանակներ մեծ աշխատանք կը տանին։ Մինչդեռ թաղային խորհուրդը այդ բոլորին արժանի չէ իր ծաւալած գործունէութիւնով։ Պատկան մարմիններու հակակշիռները միշտ դրական արդիւնք տուած են, իսկ եկեղեցին շէն ու պայծառ պահելու ուղղութեամբ իրենց աշխատանքներն ալ կը շարունակուին անընդհատ։ Ատենապետ Մուրատ Սիւմէ յայտնեց, որ ներկայիս եկեղեցիէն ներս լայնածաւալ վերանորոգութեան աշխատանք մը կը տարուի եւ յառաջիկայ շրջանին ան պիտի վերաբացուի պաշտամունքի։
ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՊԱՐԱԳԱՆ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ լրամշակուած է նոր անդամներով։ Այդ պարագային կայ առանձնայատկութիւն մը, որովհետեւ Օրթագիւղի նոր թաղականներու նշանակման եւ վերահաստատման դիմումը կատարուած է բաւական երկար ժամանակ առաջ եւ պաշտօնական ընթացակարգը տակաւին նոր հասած է իր աւարտին։ Օրթագիւղի պարագային ալ պաշտօնի կոչուած նոր թաղականները ուղղակի ընտանեկան կապ ունին ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզի հետ։
ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՊԱՐԱԳԱՆ
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած այս նոր կարգադրութիւններու մթնոլորտին մէջ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ է Պէյօղլուի պարագան։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ մեկնած էր Անգարա, ուր հանդիպում մը ունեցած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի հետ։ Այդ հանդիպումէն վերջ ինքնաբերաբար համայնքի օրակարգէն դուրս մնացած էին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի այժմու երկու հոգիէ բաղկացեալ կազմը պաշտօնազրկելու վերաբերեալ սպասումները՝ մանաւանդ, որ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ դիմում մը կատարած էր, որպէսզի Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը կապուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։ Ըստ երեւոյթին, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վերջին կարգադրութիւնները որոշ ակնկալութիւն մը կը ստեղծեն նաեւ Պէյօղլուի պարագային։ Թէեւ այս փուլին Ընդհանուր տնօրէնութիւնը որեւէ քայլ առած չէ Պէյօղլուի համար, սակայն միւս կատարուած կարգադրութիւններու տրամաբանութիւնը ցոյց կու տայ, որ յառաջիկայ շրջանին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի պարագային ալ կրնան կատարուիլ լրամշակումներ՝ միշտ նշանակովի դրութիւնով եւ Ընդհանուր տնօրէնութեան վաւերացումով։ Աւելի քան տարի մը առաջ հրապարակուած շրջաբերականի հիման վրայ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ներկայիս հիմնական չափանիշը կը համարէ տուեալ պահու վարչայիններու հաւանութիւնով, անոնց նախընտրած նոր անձերով լրամշակել վարչական խորհուրդները։ Սա, բնականաբար, քըն-նարկելի զանազան երեսակներ կրնայ ունենալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, Ընդհանուր տնօրէնութիւնը այս փուլին կը գերադասէ խորհուրդներու ներքին ներդաշնակութիւնը՝ մինչեւ ընտրութիւններու կատարուիլը։ Ներկայ պայմաններով հաւանական կը դառնայ, որ Պէյօղլուի պարագային ալ յառաջիկային կրնան ըլլալ նոր տնօրինութիւններ։ Թէեւ որեւէ ստոյգ տուեալ կամ լսում առայժմ չկայ այս մասին, սակայն իրադարձութիւններու տրամաբանութիւնը կը մղէ մտածելու, որ չի բացառուիր այսպիսի հեռանկար մը։
ԹՎՄ-Ի ՊԱՐԱԳԱՆ
Այս նոր կարգադրութիւնները եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ որդեգրուած ընթացքը, ըստ երեւոյթին, որոշ չափով ստուեր կ՚ածեն ԹՎՄ-ի հեղինակութեան վրայ։ Մեր բոլոր վաքըֆները յամենայնդէպս պատկան մարմիններուն կողմէ կը շարունակեն ընկալուիլ որպէս առանձին կառոյցներ, ինչ որ չի համընկնիր ԹՎՄ-ի ընդհանուր տրամաբանութեան։ Թէեւ սա երկար տարիներէ ի վեր լուրջ խնդիր մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ, սակայն այս խնդիրը լուծելու ուղղեալ փորձերն ալ դժբախտաբար միշտ կը ձախողին։ Սա միայն հասարակաց գետնի մը վրայ համախմբուելու կամ չհամախմբուելու կամք ունենալու, չկամութիւն ունենալու խնդիրը չէ։ Արդարեւ, ամէն կազմակերպութիւն կրնայ բարւոք ձեւով ի կատար ածուիլ, եթէ հաշուի կ՚առնուին բոլոր պատշաճութիւնները եւ այդ հարթակին վրայ տեղ առնելիք բոլոր հաստատութիւններու նկատմամբ համահաւասար վերաբերմունք կը ցուցաբերուի։ Մօտաւոր անցեալին VADİP-ը եւ հիմա ալ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին ԹՎՄ-ն ըստ երեւոյթին այդ մակարդակով ազդու նախաձեռնութիւններով հանդէս չեն եկած։ Ըստ վերջին լսումներուն, ԹՎՄ-է ներս լուրջ տարակարծութիւններ յառաջացած են եւ ստեղծուած է նաեւ որոշ լարուածութիւն մը։ Համայնքային մարմիններու ատենապետները համախմբող առցանց հարթակէն վերջին շրջանին դուրս եկած են Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմ, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հրիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէ եւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան։ Դժբախտաբար, երբ մեր համայնքը կը դիմագրաւէ շատ ծանր ժամանակաշրջան մը, ԹՎՄ-ի հովանոցը բաւարար չէ եղած նուազագոյն համախմբուածութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորելու՝ այս ծանր շրջանին համագործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ։