ՏԻՆՔՃԵԱՆԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՐԳԵՒ ՄԸ

Կը տեղեկանանք, որ թրքահայութեան ծանօթ արուեստագէտ մը՝ Օննիկ Տինքճեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կարեւոր պարգեւի մը արժանացած է։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է՝ ԱՄՆ-ի «Արուեստի ազգային հիմնադրամ»ի 2020 թուականի պարգեւը։

Օննիկ Տինքճեան տասնամեակներէ ի վեր կը հանդիսանայ հայկական աւանդական երաժշտութեան անշրջանցելի դէմքը եւ կը շարունակէ հանդիսատեսը զարմացնել իր ձայնային սահուն ելեւէջներով։ Ան կը մասնակցի թէ՛ եկեղեցական արարողութիւններու եւ թէ ամբողջ երկրին՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հարսանիքներու՝ պարերով հանդերձ։

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումերով, ԱՄՆ-ի «Արուեստի ազգային հիմնադրամ»ը յունիսի 23-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու այս տարուան պարգեւը՝ 25 հազար տոլար, կը շնորհուի Օննիկ Տինքճեանին։ Պարգեւատրումը կատարուած է թէ՛ իր գեղարուեստական գերազանցութեան եւ թէ հայ ժողովուրդի աւանդական արուեստի հարուստ ժառանգութեան՝ ապագայ սերունդներու փոխանցման գործին մէջ իր ունեցած անգնահատելի վաստակին համար: Այս մրցանակին տիրանալը հազուագիւտ եւ առանձնայատուկ պատիւ մըն է, որովհետեւ ցայսօր մրցանակակիր դարձած են միայն որոշ լաւագոյն արուեստագէտներ, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են արուեստի եւ մշակոյթի աշխարհին մէջ:

Հարկ է նշել, որ տիգրանակերտցի ծնողներէ 1929-ին Ֆրանսա ծնած է Օննիկ Տինքճեան, որ պատանեկութեան տարիներուն ընտանիքին հետ գաղթած է ԱՄՆ, ուր երկար տասնամեակներէ ի վեր կը վերապրեցնէ հայկական աւանդական մեղեդիները։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2020