ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ընտրուեցաւ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան։ Այս վերջինը կը յաջորդէ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեանին, որ 2006 թուականէն ի վեր կը նախագահէր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային։ Աշոտ Սաղեան մինչ այդ արդէն ակադեմիայի նախագահութեան անդամ էր։

Կը հաղորդուի, որ նախագահի պաշտօնին համար միւս թեկնածուներն էին՝ ակադեմիկոս Եդուարդ Ղազարեան եւ ակադեմիայի մաթեմաթիկի եւ թեքնիկ գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Լենսեր Աղալովեան։

Աշոտ Սաղեան ծնած է 1957 թուականին։ Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանը։ Մասնագիտութեամբ տարրաբան (քիմիագէտ) է, խորացած ըլլալով օրկանական տարրաբանութեան (քիմիայի) մէջ։ 2003 թուականին փրոֆեսէօրի կոչում ստացած է։ 2001 թուականին նուաճած է Եւրոմիութեան «Տեքարթ» մրցանակը, իսկ տարի մը վերջ «Բարեկամութիւն» շքանշանով պարգեւատրուած՝ Չինաստանի կառավարութեան կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021