ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԱՌԱՆՑՔՈՎ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ հերթական գրառումներով հանդէս եկաւ՝ երկրի սահմաններու առկայ ծանր կացութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։

«Մեր տարածքային կորուստները աւելի ծանր եղած են այն ժամանակ, երբ սահմանային վէճերու մէջ կառավարութիւնները գիւղերու բնակիչներու իրաւունքները հիմքին չեն դրած», նշեց Արման Թաթոյեան եւ մէջբերեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան գոյատեւած ժամանակաշրջանէն՝ 1918-1920 թուականներէն օրինակներ։

Ուստի, ըստ Արման Թաթոյեանի, այժմ պէտք է դասեր քաղել անցեալէն ու սահմանային հարցերու հիմքին պէտք է դնել մարդու իրաւունքները։ Պէտք է յիշել, որ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը տարիներու ընթացքին այդպէս ալ չէ փոխուած՝ հետապնդելով Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան տարածքները իրարմէ կտրելու, ճանապարհներու վրայ վերահսկողութիւն սահմանելու նպատակը։

Մանրամասնելով Առաջին Հանրապետութեան շրջանի վերաբերեալ դասերը՝ Արման Թաթոյեան շեշտած է, որ այդ ժամանակուայ կառավարութիւնը հարցերը չէ դիտարկած մարդոց իրաւունքներու տեսանկիւնէն, կենսական խնդիրներու պարագային ցուցաբերած է անհետեւողականութիւն։ Սա խնդրոյ առարկայ եղած է գիւղացիներու տեսակէտէ կենսական կարեւորութեամբ տարածքներու ուղղութեամբ, որոնք ունեցած են նաեւ անվտանգութեան նշանակութիւն։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները միշտ ալ յաւակնութիւններ ունեցած են Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ։ Հայաստանի կառավարութիւնները ամէն անգամ անուշադրութեան մատնած են գիւղացիներու իրաւունքներու հարցերը, անոնց անվտանգութիւնը՝ սահմանային հարցերը դիտարկելով տարածքային-քաղաքական ու մեքանիկ մօտեցումներով։

Ծանօթ է, որ Արցախի երկրորդ պատերազմէն ի վեր Արման Թաթոյեան հետեւողականօրէն ահազանգ կը հնչեցնէ այս եւ նման խնդիրներու շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021