ՆՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վաղը պիտի հիւրընկալէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Անթալիայի մէջ ժամադրուած են երկու նախարարները, որոնք պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններն ու անոնց զարգացման հեռանկարները, նաեւ պիտի արժեւորեն տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերը։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան այս շրջանին խտացեալ շփումներու մէջ են՝ ի շարունակութիւն իրենց միջեւ հաստատուած համագործակցութեան, որ կը վերաբերի շարք մը հրատապ հարցերու։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ վաղուանը պիտի ըլլայ բարձր մակարդակի հերթական շփումը, որմէ անմիջապէս առաջ՝ վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցած էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Այս վերջինը Էրտողանի հետ կապ հաստատած էր՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներու լոյսին տակ։

Կը հաղորդուի, որ վաղուան բանակցութիւններու ընթացքին ալ կողմերը պիտի անդրադառնան մասնաւորապէս՝ Անդրկովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի, Աֆղանիստանի, Ուքրայնայի, Կեդրոնական Ասիոյ, Միջերկրականի Արեւելքի եւ Սեւ ծովու իրադրութիւններուն։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան աշխուժացումը եւ անոր որակական աճի ապահովման ուղիները։ Այս տարուայ առաջին քառորդին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ փոխադարձ ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է 22.5 տոկոսով՝ հասնելով 9.1 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին։ Նախարարներու վաղուան բանակցութիւններուն ժամանակ մասնաւոր հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ բարձր փորձագիտութիւններու ոլորտէն ներս համագործակցութեան ընդլայնումը՝ ներառեալ ռազմաթեքնիկ համագործակցութիւնը։

Պաշտօնական աղբիւրները Չավուշօղլու-Լաւրով հանդիպման ընդառաջ, քննարկուելիք տարածքաշրջանային հարցերու շարքին առաջին կարգի վրայ թուարկած են Անդրկովկասը։ Սա կը նշանակէ, որ անոնք կանգ կ՚առնեն Լեռնային Ղարաբաղի յետպատերազմեան իրավիճակին վրայ։ Անթալիա ժամանելու ընդառաջ, Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփփօ Կրանտին։ Այլ հարցերու շարքին քննարկուեցան փախստականներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձի վերաբերեալ հարցեր։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի յայտարարութեան (հրադադարի) համապատասխան փախստականներու եւ ժամանակաւորապէս տեղահանուածներու Լեռնային Ղարաբաղ ու յարակից շրջաններ վերադարձի հարցը։

Հանդիպման ընթացքին Լաւրով Կրանտիի ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ սուրիացի փախստականներու՝ իրենց երկիրը վերադարձի ուղղութեամբ միջազգային ջանքերու աշխուժացման անհրաժեշտութեան վրայ։

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021