ՊԷԶԻՔԵԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՀՈԳԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԾԱԽՍԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս շրջանին հետամուտ է ընկերային զօրակցութեան զանազան ծրագրերու, մինչ Լիբանանէ ներս յառաջացած տագնապալի կացութեան հետեւանքով տեղւոյն հայութիւնը մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։ Անթիլիաս վերջերս այս ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է, որպէսզի հայորդիներու առողջապահութեան կարիքները դիմագրաւուին նախանձախնդրօրէն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ հովանաւորուած համապատասխան ծրագիր մը արժանացած է ամերիկահայ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան բարերար ամոլի աջակցութեան։ Այսպէս, Պէզիքեանները պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւորներու հիւանդանոցային եւ աշխտաճանաչման քննութիւններու ծախսերը։

Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ անցեալ երկու տարիներուն Պէզիքեանները զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսացած են լիբանանահայութեան։ Անոնց ազգանուէր ու հոգածու վերաբերմունքը բարձր գնահատանքի կ՚արժանանայ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, որ անոնց տուած է իր օրհնութիւնը։ Այս վերջին ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի՝ հետեւեալ կէտերու համապատասխան.

ա) Յիշեալ աշխատանքը պիտի կատարուի յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որուն մաս կը կազմեն Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, տիար Յակոբ Լատոյեան եւ տիկին Սիլվա Սողոմոնեան:

բ) Պարագաները կրնան դիմել ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակը, Պուրճ Համուտի մէջ, Արին շէնք, 3-րդ յարկ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 09.00-էն սկսեալ մինչեւ 13.00:

գ) Հարկ է, որ գրասենեակ դիմող պարագաները հիւանդանոցային կամ ախտաճանաչման քննութիւններու առընչուած հարցերու գծով անհրաժեշտ թուղթերը եւ տեղեկութիւնները ներկայացնեն:

դ) Կարիքները պիտի հոգացուին մասնակի կամ ամբողջութեամբ՝ համաձայն տուեալ պարագային:

ե) Յիշեալ ծրագիրը պիտի սկսի գործել 1 յուլիս 2021-էն մինչեւ 1 հոկտեմբեր 2021-ը։ Նշեալ ժամանակաշրջանի աւարտին կատարուած աշխատանքին արժեւորումը պիտի կատարուի եւ համապատասխան որոշում պիտի առնուի ծրագրին առաջնահերթութիւններուն ու շարունակութեան գծով:

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021