ՔԱՆԻ՞ ՏԱՐԻ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՆՃԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ «ՆԱԽԿԻՆՆԵՐՈՎ»

Հայաստանի զանազան մարզերուն եւ բնակարաններուն մէջ խնդիրներ յառաջացած են ոռոգման եւ խմելու ջուրի հետ կապուած։ Այնպէս չէ, որ խնդիրը նոր է։ Որքան կը յիշեմ, ամրան ջրամատակարարման խափանումներ եղած են՝ անկախ վարչախումբերու եւ իշխանութիւններու բնոյթէն։ Սա չի նշանակեր, որ եթէ այսօր բոյսերը եւ մարդիկ կը տառապին ջուրի բացակայութենէն, ապա այդ մասին պէտք չէ գրել ու խօսիլ, պէտք չէ պահանջել, որ խնդիրը կարգաւորեն ներկայ պետական մարմինները, իսկ ջուրէ զրկուածները իրաւունք չունին իրենց պահանջները յառաջ քշելու։

Բայց, քանի որ այսօրուայ իշխանութիւններու տեսանկիւնէն՝ չկայ որեւէ թերութիւն կամ արատ, որու համար անոնք կրնան մեղաւոր ըլլալ եւ եթէ կայ որեւէ բացասական երեւոյթ, ապա անոր պատասխանատուն նախկիններն են, ջուրի պարագային ալ կը գործէ իրենց աւանդական «խուսափումը»։ Վարկածները երկուսն են.

1- Ջուրերը անջատել տուած է Քոչարեան,

2- Պա որ ջրօգտագործման ընկերութիւնները առաջ կը թալանէին…

Առաջին վարկածը չքննարկենք՝ անոր սպառողները Փաշինեանի ընտրազանգուածի տիպիկ ներկայացուցիչներն են։ Երկրորդ քարոզչական հնարքը հիմնուած է մշտական «պա որ»ի վրայ։ Բնակչութեան մեծամասնութեան սա համոզիչ կը թուի։

Բայց ես ունիմ այս բանին համար շատ պարզ պատասխաններ։ Եթէ դուք իշխանութիւն էք, դուք պէտք չէ սահմանափակուիք ընդհանրական անհասցէ մեղադրանքներով, այլ մանրամասն ցոյց տաք, թէ ուր եւ ինչ չարաշահում եղած է՝ սա է խնդիրը շտկելու միակ ճանապարհը։ Եւ յետոյ՝ դուք ժամանակ ունէիք այդ թերութիւնը շտկելու համար եւ քանի որ երեք տարի դուք չէք ըրած, ուրեմն պատասխանատուութիւնը ձերն է, ոչ թէ նախկիններունը։

Եւ ամենակարեւոր հարցը. քանի՞ տարի հնարաւոր էր սեփական անճարակութիւնը արդարացնել «նախկիններով»՝ հինգ, տասն, քսան տարի։ Այս վերջին հարցի պատասխանը ակնյայտ է՝ այնքան ժամանակ, որքան սա «կ՚ուտուի» քաղաքացիներու մեծամասնութեան կողմէ։ Առայժմ այդ հնարքը կ՚աշխատի եւ վերջին ընտրութիւնները այս բանին ապացոյցն են։ Ջուրի հարցը գուցէ ամենակարեւոր խնդիրը չէ՝ պարզապէս ես սա որպէս օրինակ բերած եմ, որպէս իշխանութեան քարոզչութեան յարացոյց (մոտել)։ Որ ոլորտին ալ ձեռք տաս, միանգամայն «կը բուսնի» նախկիններու ստուերը, որ շատ արագ կը ծածկէ ներկաներու բոլոր արատներն ու ձախողումները։ Պատերազմի կրած ամօթալի պարտութենէն սկսեալ եւ յայտնի բժիշկի կալանաւորմամբ վերջացած՝ կը գործէ այս ամենազօր միջոցը՝ «պա որ այն ժամանակ այսպէս էր, սա լա՞ւ էր»։ Հարցը, բնականաբար, հռետորական է. ի հարկէ վատ էր, բայց ո՞վ ըսաւ, որ հիմա ալ պէտք է վատ ըլլայ։ … Հերթական շփումս քաղաքացիի հետ։ «Պա ե՞րբ մեր երկիրը պիտի շտկուի»։ «Ի՞նչ իմանամ»։ «Ուղղակի մեղք է մեր ժողովուրդը, միշտ կը խաբուի»։ «Է՜, թող չխաբուի»։ «Չի ստացուիր՝ համոզողները օձի լեզու ունին»։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Յունիս 29, 2021