ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ՝ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կերպուած «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ծրա­գի­րը փուլ առ փուլ կեան­քի կը կո­չուի յա­ջո­ղու­թեամբ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խըն­թաց օր սկսաւ այս ծրագ­րին շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած հա­մայն­քա­յին գոր­ծի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու դա­սըն­թաց­քը։ Աշ­խար­հի եօթ եր­կիր­նե­րէն՝ Ռու­սաս­տա­նէն, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Վրաս­տա­նէն, Ուք­րայ­նա­յէն, Պուլ­կա­րիա­յէն, Սպի­տակ Ռու­սիա­յէն եւ Էս­թո­նիա­յէն մաս­նա­կից­ներ ու­նի այս դա­սըն­թաց­քը։ Ծրագ­րի մեկ­նար­կա­յին հանգրուա­նին ա­նոնք մէկ-­տե­ղուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան Հա­մա­հայ­կա­կան ծրագ­րե­րու վար­չու­թեան պետ Գա­գիկ Կան­ջու­մեա­նի հետ։ Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը դա­սըն­թաց­քի մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, կանգ առ­նե­լով ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­նե­րուն, բազ­մա­կող­մա­նի ծրագ­րե­րուն եւ գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս հա­մայն­քա­յին գոր­ծի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած են հա­մայն­քա­յին խնդիր­նե­րու լայն քննար­կում­ներ։ Մաս­նա­կից­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րուն խնդիր­նե­րը, հա­յա­պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցուող ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ա­նոնք պի­տի շօ­շա­փեն նաեւ նա­խա­րա­րու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րու նոր մօ­տե­ցում­նե­րը։

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այս դա­սըն­թաց­քի մաս­նա­կից­նե­րը պի­տի հիւ­րըն­կա­լուին Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի, Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան շարք մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։ Ա­նոնք պի­տի այ­ցե­լեն երկ­րի շարք մը կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կը, Ե­րե­ւա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նը։ Դա­սըն­թաց­քի մաս­նա­կից­նե­րը պի­տի ծա­նօ­թա­նան 2015-ի ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րը հա­մա­կար­գող յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ այս բո­լո­րի ա­ւար­տին մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի փակ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։

Ի­րենց հա­մար նա­խա­տե­սուած են նաեւ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ՝ սփիւռ­քեան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու հմտու­թիւն­նե­րուն, հա­մա­ցան­ցի վրայ հա­յա­գի­տու­թեան ար­դի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, հա­յոց պատ­մու­թեան հիմ­նա­հար­ցե­րուն, հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրագ­րե­րուն, ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան եւ այլ նիւ­թե­րու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015