Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի.-ին։ Այս առթիւ Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, թէ նորընտիր պատրիարքի գահակալութեան շրջանին եւս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը պիտի շարունակէ ջանքեր ներդնել՝ հասնելու համար հայութեան, մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայոց առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներու լուծման։ Ըստ Սարգսեանի, անգնահատելի է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոսութեան դերը հայապահպանութեան եւ մեր ժողովուրդի միասնութեան գործին մէջ։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015