ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ԱՐՑԱԽԻ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐԳԵԼՔ

Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­հան­գած է երկ­րի տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րուն՝ կա­սեց­նել Ար­ցա­խի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րը։ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Յու­լի­սի 2-ին հրա­պա­րա­կած է շրջա­բե­րա­կան մը, որ կը բո­վան­դա­կէ մտա­հո­գիչ հան­գա­մանք­ներ։ Այս շրջա­բե­րա­կա­նը ու­ղար­կուած է նա­հան­գա­պետ­նե­րուն, շրջա­նա­յին բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն, Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիու­սի եւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պեռ­նար Քազ­նը­րի ստո­րագ­րու­թեամբ։

Շրջա­բե­րա­կա­նին մէջ նշուած է, թէ ֆրան­սա­կան տե­ղա­կան ո­րոշ մար­մին­ներ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րեր կնքած են այն­պի­սի միա­ւոր­նե­րու հետ, ո­րոնք ճա­նա­չում չեն գտած Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Մատ­նան­շուած է, ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը օ­րէնսդ­րա­կան գետ­նի վրայ կը պար­տադ­րէ շարք մը կէ­տեր. օ­րի­նակ՝ գոր­ծակ­ցու­թեան ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն պէտք է հա­մա­պա­տաս­խա­նէ Ֆրան­սա­յի մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րուն։ Յատ­կա­պէս, տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը, բա­ցի օ­րէն­քով նա­խա­տե­սուած պա­րա­գա­նե­րէն՝ չեն կրնար գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր կնքել օ­տար երկ­րի մը հետ, կամ այն միա­ւոր­նե­րուն հետ, ո­րոնք չեն ճանչ­ցուած ֆրան­սա­կան պե­տու­թեան կող­մէ։ Նման օ­րի­նակ­նե­րու շար­քին թուար­կուած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը եւ Խրի­մը եւ այն միա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք հան­դէս կու գան իբ­րեւ տա­րած­քա­յին միա­ւոր։

Ըստ շրջա­բե­րա­կա­նին, ֆրան­սա­կան տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը պէտք է տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեն կեդ­րո­նի ղե­կա­վա­րու­թեան՝ ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ գոր­ծակ­ցու­թեան գծով ար­տա­քին աշ­խար­հին հետ ի­րենց նա­խա­ձեռ­նած քայ­լե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015