ԸՍՏ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՄԱՆ

Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպեր, որ կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը, յայտարարեց, որ Արցախի մէջ Եւրոմիութեան ապագայ ներգրաւուածութիւնը կախեալ է հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի յառաջխաղացումէն։ «Արմէնփրէս»ի տուած հարցազրոյցին մէջ Զալպեր ըսաւ. «ԵՄ յորդորած է հակամարտ կողմերուն՝ որպէսզի ցուցաբերեն զսպուածութիւն, պահպանեն հրադադարը եւ հետամուտ ըլլան հարցի քաղաքական կարգաւորման»։ Իր խօսքերով, բացի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերելէ, Եւրոմիութիւնը ջանքեր կը գործադրէ՝ աջակցելով քաղաքացիական հասարակութեան համար խաղաղութեան կառուցման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն։ Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ԵՄ կը գանձատրէ կարեւոր նախագիծ մը, որ կը կոչուի՝ «Եւրոպական գործընկերութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար»։ Եւրոպական կողմը այս ծրագրին միջոցաւ կը նախատեսէ ստեղծել եւ պահպանել կապեր կամ փոխանակումներ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Այս ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները։

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2017