ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ խումբ մը սփիւռքահայ կրթական մշակներու հետ։ Այսպէս, նախարարը մէկտեղուեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման, հայերէնի ուսուցիչներու եւ դասաւանդման կազմակերպիչներու վերապատրաստման դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքի մասնակիցներուն հետ։

Իր ելոյթին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը հիմնադրութեան օրէն սկսեալ աշխատած է «Ճանչնալ, վստահիլ, գործակցիլ» բանաձեւով։ Իր խօսքերով, նախարարութեան հիմնական նպատակներու շարքին է նպաստել Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, բաց աստի հայութեան ներուժը յայտնաբերել եւ այդ մէկը օգտագործել յանուն Հայաստանի հզօրացման։

Հանդիպման տեւողութեան Հրանոյշ Յակոբեան արծարծեց Հայաստանի՝ համաշխարհային, տարածքաշրջանային եւ ներքին բնոյթով մարտահրաւէրները։ Ան յիշեցուց, որ յարափոփոխ աշխարհի մէջ անընդհատ կ՚ըլլան տեղաշարժեր։ «Հայրենիքէ դուրս հայապահպանութիւն իրականացնող կառոյցը նախ եւ առաջ հայկական դպրոցն է, որ բացառապէս ուսուցիչներու եւ տնօրէններու նուիրումին շնորհիւ կ՚իրականացնէ ծանր ու շնորհակալ աշխատանքը», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան։

Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան՝ նախարարը մատնանշեց երկքաղաքացիութեան հնարաւորութիւնը։ «Մենք մեր առջեւ դրած ենք նաեւ Սփիւռքի մասնագիտական ներուժը համախմբելու խնդիրը։ Այս նպատակին ուղղուած է այն բոլոր մասնագիտական համահայկական համաժողովներու կազմակերպումը։ Արդիւնքին ձեւաւորուած են համահայկական մասնագիտական ցանցեր ու կառոյցներ», ըսաւ նախարարը։

Հաւաքոյթի տեւողութեան մասնակիցները առիթն ունեցան նաեւ հարցումներ ուղղելու նախարարին։

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2017