ՍՊԱՆԱՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵՆՈԹԻՒՆ ՏՕՆԵՑԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Մինչեւ 19 տարեկաններու Ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի մէջ, շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին։ Մարզական աշխարհէ ներս լայն արձագանգ ստեղծեց Հայաստանի հիւրընկալած այս մրցաշարքը։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւարտական խաղը՝ Սպանիոյ եւ Փորթուգալի հաւաքականներու միջեւ։ Սպանացիները 2-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնելով նուաճեցին ախոյենութեան տիտղոսը եւ Իպերիոյ թերակղզին տարին բաժակը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019